2011-02-05 12:19:59

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Քարոզը Սուրբ Պետրոս Տաճարին Մէջ Տեղի Ունեցած Եպիսկոպոսական Ձեռնադրութեան Արարողութեան Ընթացքին ։


Նորին Սրբութիւնը իր արտասանած քարոզին մէջ, ներկայացուց եպիսկոպոսին տեղն ու պաշտօնը Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։
Քարոզին սկիզբը, Նորին Սրբութիւնը ողջունեց օծուող հինգ եպիսկոպոսները, որոնք վեհանձնութեամբ եւ անշահախնդիր նուիրումով իրենք զիրենք նուիրած են Եկեղեցւոյ եւ այժմ կանչուած են իրենց առաքելութիւնը կատարելու՝ թէ Եկեղեցւոյ Վերին վարչութեան, եւ թէ առաքելական նուիրապետութեան մէջ, որպէս ՜՜Յաջորդները Առաքելաներուն՝՝ ։
Ձեզմէ կը խնդրեմ որ աղօթէք անոնց համար, որպէսզի Ս. Հոգին զիրենք միշտ լուսաւորէ ու առաջնորդէ ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը աւելցնելով՝ ՜՜Հունձքը առատ է, սակայն մշակները սակաւաթիւ։ Աղօթեցէք հունձքի Տիրոջ, որպէսզի մշակներ ղրկէ իր հունձքին՝՝։
Սիրեցեալ բարեկամներ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, եպիսկոպոսական այս օծումով, Տէրը ձեզ իր առաքելութեան կը կանչէ, դուք կանչուած էք այս կանչին համապատասխանելու եւ համագործակցելու տանելով ուրախ աւետիսը թշուառներուն ու ամոքելով կոտորուած սրտերը։ Տէրը անձամբ եկաւ մեր մօտ ու բնակեցաւ մեր մէջ։ Ան եկաւ մեզի ցոյց տալու դէպի երկինք տանող ճանապարհը։ Դուք ձեր ''Այո՝՝ով՝ կը դառնաք Տիրոջ մշակները մարդոց ի սպաս։
Եպիսկոպոսական օծման ծիսակատարութիւնը կը բնորոշէ եպիսկոպոսին առաքելութիւնը, որ է՝ ըլլալ մշակը Տիրոջ աշխարհի պատմութեան մէջ, ունենալով որպէս պաշտօն՝ բանալ աշխարհի դռները Աստուծոյ Տիրութեան առջեւ, որպէսզի Անոր կամքը կատարուի աշխարհի վրայ ինչպէս Երկինքի մէջ։
Ապա Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց նորօծ եպիսկոպոսները , Յիսուսի աշակերտներու օրինակով, յարատեւելու առաքեալներու ուսուցման մէջ, հաստատ մնալու հաղորդութեան , հացի բեկանումին ու աղօթքի մէջ։ Արդարեւ շնորհիւ Աստուծոյ հետ հաղորդութեան, Յիսուսի հետ հաղորդութեան, ՜՜Առաքեալներու Յաջորդները՝՝ աշխարհի եպիսկոպոսները՝ իրարու հետ միութիւն կը կազմեն։ Եպիսկոպոսը բնաւ առանձին չէ, այլ անբաժան է եպիսկոպոսական դասին, հետեւաբար սիրեցեալ եղբայրներ ի Քրիստոս, ձեր առաքելութիւնն է նաեւ՝ պահպանել կաթողիկէ այս հաղորդութիւնը։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր քարոզը եզրափակեց մէջբերելով Յիսուսի ուղղած խօսքը Պետրոս առաքեալին. ''Առաջացիր դէպի բացերը եւ ուռկաները նետեցէք` ձուկ որսալու համար'' Յիսուս այս ըսաւ Պետրոսին ու իր աշակերտներուն երբ զանոնք կանչեց ըլլալու ''մարդոց որսորդներ''։ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը իր կեանքի վերջին տարիներուն մեծ ուժգնութեամբ իւրացուց Յիսուսի սա խօսքը ու բարձրաձայն կը հռչակէր եպիսկոպոսներուն առջեւ։ ''Առաջացիր դէպի բացերը '' կ'ըսէ Տէրը ձեզի այսօր, դուք սիրեցեալ եղբայրներ, դուք կանչուեցաք յատուկ պաշտօններ ունենալու Եկեղեցւոյ Վերին վարչութեան մէջ։ Դուք կանչուեցաք Աւետարանի ուռկանը նետելու այս խռովալից ժամանակներու մէջ հրաւիրելու մարդիկը Քրիստոսի ու զանոնք ազատելու մահաբեր ու խաւարային ջուրերէն։ Ձեր պաշտօնն է զանոնք բերել կեանքի հողին` Քրիստոսի հաղորդութեան մէջ դնելու։ Այս դիտաւորութեան համար կ'աղօթենք, եւ դուք բացէք ձեր հաւատքի, յոյսի ու սիրոյ առագաստը որպէսզի Սուրբ Հոգին կարողանայ առաջնորդել ձեզ եւ ուղղել ձեր կեանքի նաւը դէպի բացերը, շնորհելով ձեզի օրհնեալ ճամբորդութիւն մը` նաւարկութիւն մը, եւ դառնալու մեր ժամանակներու ձկնորսները ովկեանոսներու մէջ։













All the contents on this site are copyrighted ©.