2011-02-05 12:42:08

Մոռցուած Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաները։


2010-ն՝ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն համար եղաւ վերջին դժուար ժամանակներու ամենաեղերական տարին։ Երկու ահաբեկչական գործողութիւններ՝ Հոկտեմբեր 31-ին Պաղտատի եւ Դեկտեմբեր 31-ին Աղեքսանդրիոյ մէջ ամենաարիւնալի կերպով փակեցին յաճախ անտեսուած ամենօրեայ հալածանքներով ու ողբերգութիւններով լեցուն տարի մը։ Ալ Քաիտայի հետեւորդներու գազանաբարոյ երկու արարքներուն զոհ գացին հետեւաբար 46 եւ 21 հաւատացեալներ, մեծ մասամբ կիներ եւ երեխաներ։ Երկու արարքները հազիւ թէ անակընկալ էին. Սիւննի ծայրայեղականներու կայքէջերուն վրայ արդէն շատոնց կը տեսնուէին սպառնալիքներ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն, յատկապէս ղպտիներու հասցէին։ Այնուամենայնիւ զոյգ կառավարութիւնները գրեթէ ոչինչ ըրին անոնց առաջքը առնելու համար։
Եթէ այս երկու աղէտներուն վրայ աւելցնենք Յունուար 4-ին Փաքիստանի մէջ Փենճապի նահանգապետ Սալման Թասիրի սպաննութիւնը իր իսկ թիկնապահին կողմէ, այն պատճառով որ ՜՜ան կը պաշտպանէր կրօնապղծութեան համար մահապատիժի դատապարտուած քրիստոնեայ Ասիա Պիպին եւ հրապարակային կերպով թեր կ'արտայայտուէր կրօնապղծութեան օրէնքի վերացման՝՝։
Ընդհակառակն՝ Թասիրի սպանութեան յաջորդեցին բազմաթիւ ցոյցեր Փաքիստանի մէջ ի պաշտպանութիւն կրօնապղծութեան օրէնքի պահպանման ու գործադրութեան։
Անկէ անկախ՝ Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան անմիջական ապագան սերտօրէն առընչակից է նաեւ հայութեան ճակատագրին զոյգ պատճառներով։
Նախ՝ որովհետեւ այդ տարածաշրջանին մէջ է Սփիւռքի հայութեան հիմնական մէկ հատուածը, որ արդէն առարկայ է առօրեայ ճնշումի եւ իր արեան գինը կը վճառէ։ Երկրորդ՝ որովհետեւ Հայաստանը կը գտնուի աշխարհաքաղաքական այդ գօտիի անմիջական հարեւանութեան վրայ եւ որեւէ լայնամասշտապ տագնապի պարագային ուղղակի թէ անուղղակիօրէն պիտի զգայ անոր անդրադարձը։ Հետեւաբար, Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան գոյավիճակը պէտք է առարկայ ըլլայ հայ քաղաքական մտածողութեան եւ աշխարհաքաղաքական տեսլականին։








All the contents on this site are copyrighted ©.