2011-02-05 12:09:48

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին Հովուապետական Այցելութիւնը Պէյրութի Գէորգ Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարան։


Կիրակի 6 փետրուարին ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Հովուապետական այցելութիւն կը կատարէ Պէյրութի Գէորգ Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարան։ Սոյն վարժարանը 1987ին, իր դռները կը բանար տնօրինութեամբ երջնակայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ Կաթողիկոս Պատրիարքին, անիկա եղաւ առաջին անգլերէն թեքումով հայ կաթողիկէ կրթական հաստատութիւնը։
Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ, իր այցելութեան առթիւ Գէորգ Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարան, պիտի տեսակցի վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին ու պաշտօնեաներուն ինչպէս նաեւ աշակերտութեանց, անոնց ծնողներուն ու վարժարանի բարերարներուն հետ ու պիտի տայ անոնց իր հայրական պատգամն ու օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.