2011-02-05 12:56:42

 Եւրոպացի Գործարարներ Արցախի Մէջ ։


Արցախի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունեց Սլովաքիայէն, Աւստրիայէն եւ Չեխիայէն խումբ մը գործարարներ։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախի մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման հետ կապուած հարցեր։ Յատուկ ուշադրութիւն յատկացուեցաւ ուժանիւթի, գիւղատնտեսութեան եւ շինարարութեան մարզերուն, ինչպէս նաեւ մարդուժի պատրաստման եւ վերապատրաստման հարցերուն։
Նախագահ Սահակեան նշեց, որ Արցախը շահագրգռուած է արտերկրէն ժամանակակից արհեստագիտութեան եւ ներդրումներու ներգրաւման եւ փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութեան մէջ, որուն համար Արցախի մէջ բոլոր պայմանները ստեղծուած են։







All the contents on this site are copyrighted ©.