2011-02-04 12:19:13

Ուրբաթ 4 փետրուար 2011Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը։


Այսօր ուրբաթ 4 փետրուար 2011, առաւօտեան Նորին Սրբութիւնը իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունեց.
Կարտինալ Ճորճ Բէլ Աւստրալիոյ Սիտնէյ քաղաքի արքեպիսկոպոսը, ապա Գերապայծառ ֆէլիքս Ճէն Գերմանիոյ Մունշդեր քաղաքի եպիսկոպոսը, հուսկ՝ գերապայծառ Լուգաս Վան Լոյ Պելկիոյ Ճէնդի Եպիսկոպոսը։
Ժամը 11.50ին Գոնչիսդորօ սրահին մէջ Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Առաքելական
Բարձրագոյն Ատեանի ժողովի մասնակիցները թիւով 50 հոգի։
Սրբազան Քահանայապետը ողջունելով ներկայ կարտինալական, եպիսկոպոսական եւ քահանայից դասը ու Բարձրագոյն Ատեանի գործակիցները մատնանշեց թէ այս հանդիպումը առաջինն է որ կը յաջորդէ 21 յունիս 2008 <<իւրայատուկ օրէնքի>> հրապարակումին։ Այս ատեանին պաշտօնը չի սահմանափակուիր միայն դատական հրահանգումի մէջ, այլ անոր խնամքի տակ է նաեւ՝ եկեղեցական արդարութեան ուղիղ մատակարարութեան հսկողութիւնը։ Անհրաժեշտ է որ ամէն թեմ ունենայ բաւարար պատրաստուած անձեր որոնք կարենան յառաջ տանիլ տեղական եկեղեցական ատեաններու գործունէութիւնը։ Ապա Սրբազան Քահանայապետը նշեց Բարձրագոյն Ատեանի դերը եւ նպատակակէտերը, եւ իր խօսքը եզրափակեց Ատեանի առաքելութիւնը յանձնելով Աստուածամօր խնամքին ու արտայայտեց իր քաջալերական ու գնահատական խօսքերը, Ատեանի անդամներուն խրախուսելով զանոնք շարուակելու իրենց առաքելութիւնը, ու հայցելով անոնց վրայ Սուրբ Հոգւոյն շնորհքը ջամբեց իր հայրական օրհնութիւնը ։
Իսկ յետ միջօրէի՝ ժամը 6-ին, Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում ունեցաւ Կարտինալ Ուիլլիամ Ճոզէֆ Լէվատայի հետ կառավարիչ՝
Քահանայապետական Հաւատոյ ժողովի։








All the contents on this site are copyrighted ©.