2011-02-04 12:21:04

Երկխօսութեան Նոր Հանգրուանն Մը Պիտի Սկսի Կաթողիկէ Եւ Անկլիգան Եկեղեցիներու Միջեւ Յառաջիկայ Մայիսին, Խօսակցութիւնները 40 Տարիէ Կը Շարունակուին։


Կաթողիկէ եւ անկլիգան եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութեան պաշտօնական երրորդ հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ Իտալիոյ Պոզէ մենաստանի մէջ յառաջիկայ մայիս 17-27, այսպէս յայտարարած է քրիստոնեաններու միութեան Քահանայապետական խորհուրդը։ Երրորդ հանգրուանին կէտնպատակն է. ուսումնասիրել հիմնական հարցերը հայող ''Եկեղեցի որպէս հաղորդութիւն, տեղական եւ ընդհանրական'' նիւթին։ Կաթողիկէ-անկլիգան խառն յանձնախումբը կազմուած է 20 անդամներէ եւ ունի երկու համանախագահներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.