2011-02-03 13:47:46

Տեառընդառաջի Տօնին Առիթով Լեւոնեան Վարժարանի Տեսչութիւնն ու Նորընծաները Այցելեցին Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Նախագահին։


2 Փետրուար 2011-ին, Արեւելեան Ժողովի Նախագահ Կարտինալ Լիոնարտօ Սանտրի, Վատիկանեան Արեւելեան Եկեղեցիներու իր կեդրոնի մատրան մէջ ընդունեց Լեւոնեան Քահանայապետական Հայ Վարժարանի նորընծաները որոնք եկած էին իրենց Տեսուչ Հօր՝ Գերյ. Հ. Գէորգ Ծ. Վրդ. Նորատունկեանի եւ Փոխ Տեսուչ Գեր. Հ. Թովմաս Վրդ. Կարապետեանի հետ, յանձնելու Ծիրանաւորին, հայկական սովորութեան համաձայն` օրհնուած մոմը Տեառընդառաջի տօնին առիթով։
Լեւոնեան Վարժարանի նորընծաներուն այցը Արեւելեան Ժողովի Նախագահին հնամեայ սովորութիւն մըն էր որ սակայն վերջին տարիներուն դադրած էր։ Այս տարուայ այցով այս բարի սովորութիւնը վերահաստատուեցաւ։
Հանդիպումը սկիզբ առաւ Տեառընդառաջի տօնին յատուկ ՝ ՄԱՐՄՆԱՑԵԱԼԴ Ի ԿՈՒՍԷՆ շարականի երգեցողութեամբ, որմէ ետք Տեսուչի հրաւէրով Վարժարանին աւագ սաները՝ Տ. Միքայէլ Սրկ. Քայալեանը եւ Տ. Անտոն Սրկ. Թահանեանը Ծիրանաւորին ներկայացուցին մեծկակ մոմը զարդարուած՝ Արեւելեան սրբազան մանրանկարչութեամբ եւ 2011 թուանշանով։
Իր խօսքին մէջ վարժարանի տեսուչը, ընդգծեց կապը ընդմէջ ՜՜Քրիստոսի Տաճար ընծայումին եւ նորընծային Աստուծոյ տաճարին ընծայման՝՝ որ է Տիրոջ Տան ծառայութեան նպատակը։
Ծիրանաւորը ընդունելով օրհնուած մոմը, շնորհակալութիւն յայտնեց Վարժարանի տեսչութեան եւ աշակերտութեան, ու քաջալերեց նորընծաները մնալու հաւատարիմ իրենց կոչումին եւ դառնալու աշխարհի լոյսը ինչպէս Քրիստոս կ՛ակնարկէ Աւետարանին մէջ, երբ խօսքը կ՛ուղղէ իր աշակերտներուն։
Հանդիպումը վերջ գտաւ ՀԱՅՐ ՄԵՐ աղօթքի եւ ՄԻՆՉ ՕՐՐԱՆԷՍ Մարեմական մեղեդիի երգեցողութեամբ եւ Ծիրանաւորին օրհնութեամբը՝ որով կը խնդրէր Տիրամայր Ս. Կոյսին բարեխօսութիւնն ու պաշտպանութիւնը Վարժարանին եւ նորընծաներուն։ Կարտինալ Սանտրին ապա իւրաքանչիւրին նուիրեց Պապական զինանշանը կրող եւ Սրբազան Քահանայապետի կողմէ օրհնուած վարադարան մը։
Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Արեւելեան Ժողովի Ենթաքարտուղար՝ Գերյ. Մաուրիցիո Ծ. Վրդ. Մալվեսդիդին, Կարտինալի անձնական Քարտուղար՝ Հ. Մարթին, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Գերյ. Հայր Րաֆայէլ Ծ. Վրդ. Մինասեան, որ այցով կը գտնուի Հռոմ։








All the contents on this site are copyrighted ©.