2011-02-03 13:47:20

Սանթ Էճիտիօ Կազմակերպութիւնը Կը Տօնախմբէ Հիմնադրութեան 43-րդ Տարեդարձը։


3 փետրուար 2011-ի յետ միջօրէին՝ Սուրբ Պօղոս Պազիլիքայի մէջ հանդիսաւոր պատարագով մը, Սանթ Էճիտիօ Կազմակերպութիւնը կը տօնախմբէ իր հիմնադրութեան 43 ամեակը։
Նշենք թէ վերոյիշեալ կազմակերպութիւնը հիմնուած է 1968ին որուն այսօր մաս կը կազմեն աւելի քան 60 հազար կամաւոր անդամներ, ցրուած 73 երկիրներու մէջ։ Սուրբ Պատարագը կը մատուցէ Կարտինալ Ճանֆրանքօ Ռավազի՝ Նախագահը Քահանայապետական մշակոյթի Խորհուրդին։ Սանթ Էճիտիօ Կազմակերպութիւնը կը գործէ չքաւորներու օգնութեան հասնելու համար ու նաեւ երկխօսութեան միջոցաւ հաստատելու աշխարհի մէջ բարեկամութիւն եւ խաղաղութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.