2011-02-03 13:47:03

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը


Այս առաւօտ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Աւստրիոյ նոր դեսպանը՝ Տիար Ալֆոնս Գլոս, որ եկած էր ներկայացնելու իր հաւատարմագրերը Սրբազան Հօր. ապա ընդունեց Կարտինալ Իվան Տիազ ժողովուրդներու աւետարանութլան Ժողովի կառավարիչը, իսկ ժամը 12 ին Գոնչիսդորօ սրահին մէջ նորին սրբութիւնը ունկնդրութիւն շնորհեց <<Էմմանուէլ հասարակութիւն>> կոչուած եկեղեցական կազմակերպութեան 60 անդամներուն իրենց հիմնադիր` Բիէր Կուրսայի` մահուան 20 ամեակի առիթով, որուն երանացման դատը սկսաւ անցեալ տարի։ Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը ողջոյնի խօսք մը ուղղեց ներկաներուն մաղթելով որ հիմնադիրի սրբակեաց կենցաղը օրինակ հանդիսանայ բոլորին եւ խթանէ զիրենք ընթանալու սրբութեան ճանապարհի վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.