2011-02-03 13:07:22

Շարլ Ազնաւուր Կ՚ արժանանայ Նոր Պարգեւի Մը։


23 Յունուարին Փարիզի մէջ Սքոփուս մրցանակաբաշխութեան առիթով աշխարհահռչակ ֆրանսահայ երգիչ Շարլ Ազնաւուր արժանացաւ 2011-ի Սքոփուսի մրցանակին: Տարեկան այս մրցանակաբաշխութեան կալայէն գոյացած գումարը պիտի տրամադրուի Երուսաղէմի «Էտմոնտ եւ Լիլի Սաֆրա» Փարքինսըն հիւանդութեան հետազօտութեանց կեդրոնին:
Կալային ներկայ գտնուած են Ֆրանսայի նախկին նախագահի կողակից Պեռնատեթ Միթերան, ծանօթ անձնաւորութիւններ եւ արուեստի աշխարհի ներկայացուցիչներ, ինչպէս՝ Ռոման Փոլանսքի, Իսրայէլի պաշտօնական դէմքեր, համալսարանական շրջանակներ եւ այլն:








All the contents on this site are copyrighted ©.