2011-02-03 13:49:26

Լիբանանի Մէջ ֆրանսացի Դեսպանը Աշխատանքի Ոսկեզօծ Շքանշանով Կը Պարգեւատրէ Շողիկ- Սիպիլ Կոնճեանը։


14 յունուար 2011-ին Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոն Աշխատանքի ոսկեզօծ շքանշանով պարգեւատրեց Շողիկ-Սիպիլ Կոնճեանը՝ Լիբանանի մէջ ֆրանսական դեսպանատան ծաւալած աշխատանքներուն բերած իր դրական եւ օգտաշատ ներդրումին համար։
Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ դեսպանը ըսած է. «Գիտակից, արթուն, խղճամիտ, կարգ-կանոնով շարժող, խստապահանջ եւ արհեստավարժ բարձր յատկութիւններ ունեցող Շողիկ-Սիպիլ Կոնճեան արժանի է մեր նեցուկին, եւ այս բոլորէն մեկնելով՝ զայն կը պարգեւատրեմ Աշխատանքի ոսկեզօծ շքանշանով»։
19 սեպտեմբեր 1979-ին Շողիկ-Սիպիլ Կոնճեան իբրեւ հաշուապահ սկսած է աշխատիլ Ֆրանսական մշակութային կեդրոնին մէջ։ 1982-1986 Թրիփոլիի տեղի ունեցած դէպքերուն եւ պայթուներուն ընթացքին, որոնք նպատակադրած էին փակել ֆրանսական հիմնարկութիւնները (Ֆրանսական մշակութային կեդրոնն ու երկրորդական վարժարանը) Շողիկ Կոնճեան կը վարէ տնօրէնի պաշտօն՝ օրուան տնօրէնի բացակայութեան պատճառով եւ կը պայքարի կեդրոնի վերջնական փակման դէմ։
Այդ նոյն դժուար ժամանակաշրջանին ան ստանձնեց նաեւ յաւելեալ պատասխանատուութիւն. ան շաբաթը երկու անգամ Հազմիէ կու գար՝ հետեւելու ֆրանսական հիւպատոսարանի գործերուն։
1 յունուար 1986-ին կը փոխադրուի Ֆրանսայի մշակութային հաշուական գործակալութեան բաժին, Պէյրութ։
2006-ի լիբանանեան պատերազմին ընթացքին աշխատած է «Ճգնաժամային օրերու բաժանմունք»ին մէջ եւ օժանդակած՝ ֆրանսացիներուն Լիբանանէն արտագաղթին։
Պարգեւատրման արարողութեան ընթացքին Շողիկ Կոնճեան իր շնորհակալութիւնը, յուզումն ու երախտագիտութիւնը յայտնած է այս շքանշանի տուչութեան համար։ «Շատ մեծ ուրախութիւն ու պարծանք է Ֆրանսայի կողմէ այս երախտագիտական զգացումներու դրսեւորումը իմ աշխատանքիս նկատմամբ»։ Ան իր ուրախութիւնը յայտնած է Ֆրանսական մշակութային կեդրոնին մէջ տարած աշխատանքին համար եւ խոստացած՝ շարունակել այս ուղին. «Կ՚ուզեմ այս առիթով յիշել հայրս, որուն կը յայտնեմ երախտագիտութիւնս Ֆրանսայի հետ կապերուս ամրապնդման համար։ Իրեն կը պարտիմ նաեւ բոլոր յատկութիւններս, կրթութիւնս, պատասխանատուութեան եւ պահանջկոտ ըլլալու նկարագրային գիծերու։
«Խօսքին աւարտին, պրն. դեսպան, կը վստահեցնեմ, որ կառչած եմ նուիրումիս եւ երախտագէտ եմ»։








All the contents on this site are copyrighted ©.