2011-02-03 13:47:58

Գերշ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի Այցելութիւնը Զմմառու Վանք:


Չորեքշաբթի, 2 փետրուարի կէսօրին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան գերշ. Նարեկ եպս. Ալեէմէզեան այցելեց Զմմառու մայրավանք։
Սրբազանը նախ այցելեց վանական եկեղեցւոյ կաթողիկոսական-պատրիարքական դամբարանը եւ աղօթքով իր յարգանքի տուրքը մատուցանեց նորոգ վախճանեալ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան կաթողիկոսին, հայցելով Աստուծմէ յաւիտենական հանգիստ հանգուցեալ հայրապետին։
Ապա այցելեց վանքին հին վեհարան-թանգարանը, որուն մէջ զետեղուած է Սեբաստիոյ հայազգի սուրբ Վլասի մասունքը. սոյն մասունքը ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս-պատրիարքը նուէր ստացած է Իտալիոյ Մարաթէա քաղաքի սուրբ Վլաս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւէն, եւ մեծ հանդիսութեամբ ու հայրապետական Պատարագով Զմմառու վանքին մէջ զետեղուած է 11 փետրուար 2001-ին։ Նարեկ Արքեպիսկոպոսը մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց սոյն մասունքին հանդէպ, որովհետեւ ան ուսումնասիրութիւններ կը կատարէ հայ Եկեղեցւոյ նշանաւոր սուրբ Վլասին մասին։
Սրբազանը նաեւ, վանքի միաբաններուն հետ մասնակցեցաւ եղբայրական ակաբին, որու ընթացքին ջերմ մթնոլորտի մէջ զրուցեցին եկեղեցական, քաղաքական եւ ընկերային զանազան նիւթերու մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.