2011-02-03 13:47:10

Գերապայծառ Սիթումորանկ Ինտոնէզիայի Բատանկի Եպիսկոպոսի Ազդարարութիւնը անձնական Շահերու Համար Կրօնքը Օգտագործելու Դէմ ։


Ազիանիուզ լրատու գործակալութեան հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, Ինտոնէզիայի Բատանկի Եպիսկոպոսը՝ Գերապայծառ Մարդինուս Տօկմա Սիթումորանկ ազդարարած է թէ՝ Կառավարիչները կ՛օգտագործեն կրօնքը եւ կրօնական հասարակութիւնները իրենց անձնական քաղաքական շահերուն համար, եւ կամ իրենց քաղաքական խմբակներուն ի նպաստ։ Կրօնի ազատութեան հանդէպ վերբերումը մղուած է <<պատեհութենէ>> նայելով միայն անոր <<ծիսական երեւոյթին>> առանց նկատի առնելու անձնական հաւատքի հիման վրայ հաստատուած ընտրանքը։
Անցեալ շաբաթներուն ընթացքին, Կաթողիկէ եւ Բողոքական կրօնապետերը քննադատեցին Ինտոնեզիայի կառավարութեան բռնած դիրքը ՜՜կրօնի եւ հասարակական քաղաքականութեան՝՝ հանդէպ։
Քաղաքականութիւնը յաճախ մտահոգ է մտածելակերպ մը արտայայտելու սակայն անոր ջանքը պէտք է կեդրոնանայ ժողովուրդին եւ հասարակական կեանքի բարելաւումին` արդարութեան` եւ ազգային արժէքներուն , դարձնելով Ինտոնեզիան բազմամշակութային երկիր մը>> յարեց Գերապայծառ Սիթումորանկ։
Ինտոնեզիայի մէջ տեղի կ՛ունենայ ՜՜Բարոյական Տագնապ՝՝ մը կապուած՝ անհադրժողութեան երեւոյթին, ասոր համար եկեղեցին չի կրնար լռելեան եւ անտարբեր մնալ։








All the contents on this site are copyrighted ©.