2011-02-02 11:59:55

Մուշեղ Իշխանի Մահուան 20-ամեակին Առիթով Թատերական Ներկայացում։


Պէյրութի Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի սրահին մէջ, Շաբաթ, 29 յունուարին «Կոմիտաս» թատերախումբը՝ բեմադրութեամբ եւ խաղարկութեամբ Յովհաննէս Հելվաճեանի, հանրութեան ներկայացուց «Կիլիկիոյ արքան» թատերախաղը՝ նուիրուած Մուշեղ Իշխանի մահուան 20-ամեակին։
«Կիլիկիոյ արքան» բեմադրելուն դրդապատճառը, կոչ մըն է վերադառնալու մեր ակունքներուն անցեալի արքայական օրերու մեր յաղթանակներուն եւ մեր նուաճումներուն՝ աւելցնելով, որ սոյն թատերախաղին նպատակն է նաեւ քննադատել այն մարդիկը, որոնք անտարբեր են ազգային մեր սրբութիւններուն եւ արժէքներուն նկատմամբ։ Հելվաճեան շեշտեց, որ եթէ մեր համազգային իրաւունքներուն եւ պահանջատիրութեան պայքարին համար պէտք է խենթենալ, ապա «արքայի պէս խենթենանք ու հասնինք մեր նպատակին»։ Ան նկատել տուաւ, որ նիւթին պատգամն է, որ պիտի ներկայացուի մէկ ժամ տեւողութեամբ։ Արքայի կերպարը ինք կը մարմնաւորէ, իսկ գահաժառանգ արքան՝ Արամ Հելվաճեան։ Սոյն ներկայացումը պիտի ներկայացուի նաեւ հայկական վարժարաններուն աշակերտութեանց։








All the contents on this site are copyrighted ©.