2011-02-02 12:00:07

Հայկական Աւանդութիւններուն եւ Սովորութիւններուն Մասին Դասախօսական Ձեռնարկ։


Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ երկուշաբթի, 31 յունուարին տեղի ունեցաւ դասախօսական ձեռնարկ մը՝ Հայկական աւանդութիւններուն եւ սովորութիւններուն՝՝ մասին զանոնք հայ կնոջ ծանօթացնելու ծիրին մէջ,հանդիպումին ընթացքին օրուան դասախօսը՝ Անուշ Թրուանց ընդհանրապէս հայկական աւանդական սովորութիւններուն եւ ծէսերուն անդրադառնալու կողքին, կեդրոնացաւ մասնաւորաբար Պահքի հայոց տիկնիկի՝ Ակլատիզի, եւ Տարեհացի ներկայացման վրայ։ Ան իր դասախօսութեան սկզբնաւորութեան նշեց, որ հայկական աւանդութիւններուն եւ ծէսերուն վերաբերող այս նիւթը ինք պատրաստած է իբրեւ լրագրող՝ հիմնուելով ազգագրագէտներու եւ մասնագէտներու կարծիքներուն վրայ: Ա. Թրուանց նկատել տուաւ նաեւ, որ փոքր ազգերուն՝ ինչպիսին է հայ ազգը, յատուկ է աւանդութիւններուն կառչած մնալը՝ աւելցնելով միաժամանակ, որ երբ ներկայիս կը խօսինք, թէ նահանջ կայ ազգային աւանդութիւններէն, ասիկա կը վերաբերի հայութեան երկու հատուածներուն՝ ե՛ւ արեւմտահայ հատուածին, ե՛ւ արեւելահայ հատուածին: Առաջինին պարագային եթէ պատճառը յետեղեռնեան վիճակն էր, ապա երկրորդին պարագային պատճառը խորհրդային համակարգն էր: Թրուանց ընդգծեց, որ հայկական աւանդական սովորութիւններուն մէկ մասը մեզի անցած է հեթանոսական ժամանակաշրջանէն: Ան կարճ ակնարկներ նետեց հայկական աւանդական տօներուն՝ Կաղանդին, Տեառնընդառաջին, Միջինքին, Զատիկին, Համբարձումին, Խաչվերացին եւ այլն՝ նշելով միաժամանակ, որ նշեալ տօներէն իւրաքանչիւրը յատկանշուած եղած է իր ճաշերով եւ ընկերային սովորութիւններով: Հայկական գաւառներուն մէջ Մեծ պահքի սկիզբէն մէկ օր առաջ մարդիկ կը պատրաստէին Ակլատիզ տիկնիկը: ՜՜Ակլատիզը՝՝ բոյսի անուն է եւ շատ հաւանաբար այս անունին հիման վրայ ալ կոչուած է տիկնիկը: Մարդիկ կը հաւատային, որ Ակլատիզ տիկնիկին պարտականութիւնն է Պահքի ընթացքին հսկել, որ մարդիկ չխախտեն պահեցողութեան կանոնները: Այդ պատճառով տիկնիկին պատրաստութեան մէջ հիմնականօրէն կ՚օգտագործուէին սոխը եւ կծու պղպեղը: Պղպեղը՝ Պահքի կանոնները խախտողներուն լեզուները այրելու համար, իսկ սոխը՝ անոնց աչքերը: Անուշ Թրուանց ըսաւ, որ Ակլատիզ տիկնիկին պատրաստութիւնը հաճելի եւ հետաքրքրական ձեռային աշխատանք կրնայ ըլլալ դպրոցական աշակերտներուն համար, որովհետեւ անիկա ամբողջութեամբ կը պատրաստուի բոյսերէ եւ բնական նիւթերէ: Թրուանց անդրադարձաւ նաեւ Համբարձման տօնի աւանդութիւններուն՝ յայտնելով, որ Համբարձումը սիրոյ, երիտասարդութեան եւ վայելքի տօնն է, որուն ակունքները եկած են նախաքրիստոնէական ժամանակաշրջանէն: Համբարձումը հեթանոսական բնապաշտութեան եւ քրիստոնէութեան իւրայատուկ համադրումին տիպար օրինակներէն մէկն է: Իր դասախօսութեան աւարտին Անուշ Թրուանց բացատրութիւններ տուաւ նաեւ Տարեհացին մասին:
Այնուհետեւ Լենա Գալուստեան տեղւոյն վրայ պատրաստեց Ակլատիզ տիկնիկէն օրինակ մը՝ ներկաներուն լուսաբանութիւններ ներկայացնելով պատրաստութեան իւրաքանչիւր հանգրուանին մասին: Դասախօսական ձեռնարկին ներկաներուն բաշխուեցաւ Տարեհացէն: Անոնք ստացան նաեւ վերջինիս պատրաստութեան ձեւը ներկայացնող թղթիկներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.