2011-02-02 13:08:44

Ժամասացութիւն Տեառնընդառաջի Տօնին Առթիւ Նախագահութեամբ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին։


Չորեքշաաբթի 2 փետրուար 2011, տօնն է Տեառընդառաջի` այս առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը կը նախագահէ Ժամերգութիւնը որ տեղի կ՛ունենայ Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ յետ միջօրէին՝ ժամը 17.30ին, մասնակցութեամբ՝ Կրօնաւորական Նուիրեալներու Հաստատութիւններուն։
Նշենք թէ այսօր Եկեղեցին կը յիշատակէ Կրօնաւորական Նուիրեալներու Օրը։ Յիշեցնենք թէ սովորութիւն դարձած է Տեառընդառաջի Տօնին առթիւ որ՝ Լեւոնեան Վարժարանի տեսչութիւնը եւ ժառանգաւորները այցելութիւն կատարեն արեւելեան ժողովի կարավարիչ Կարտինալին անոր մատուցելով` հայկական սովորոութեան համաձայն` օրհնուած մեծ մոմ մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.