2011-02-02 11:59:38

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ


Հրանդ Տինքի նուիրուած ՜՜միտքի եւ խօսքի ազատութեան 2011 տարուայ մրցանակը՝՝ այս տարի շնորհուեցաւ իտալացի լրագրող, պատմագէտ եւ Սուրբ Էճիտիոս բարեգործական մարմնի նախագահ՝ Տոքթ. Մարքօ Իմբալիացցոյին։
Չորս տարիէ ի վեր Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդը կը յիշատակէ Պոլսոյ «Ակօս» երկլեզու շաբաթաթերթի խմբագրապետ՝ Հրանդ Տինքի սպաննութեան տարելիցը, ( որ տեղի ունեցած էր 19 յունուար 2007-ին իր իսկ հիմնած թերթի խմբագրատան դիմաց...) կազմակերպելով հայ գրող նահատակին՝ անուան նուիրուած <<միտքի եւ խօսքի ազատութեան մրցանակ>> մը, որ կը շնորհուի իտալացի հանրածանօթ լրագրողներուն՝ որոնք իրենց գործունէութեամբ պաշտպան հանդիսացան եւ կը հանդիսանան փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն, ինչպէս նաեւ Հայկական Հարցը լուսարձակի տակ դնելով ճանչցուցին զայն իտալական հանրութեան։
Արդարեւ՝ ուրբաթ օրը (21 յունուարին երեկոյան ժամը 6ին) Հռոմի Լեւոնեան Հայ Վարժարանի Պատուոյ Դահլիճի մէջ տեղի ունեցաւ ՜՜Հրանդ Տինքի՝ միտքի եւ խօսքի ազատութեան մրցանակ՝՝ ի տուուչութիւնը, որ այս տարի շնորհուեցաւ լրագրող եւ պատմագէտ Տոքթ. Մարքօ Իմբալիացցոյին։ Այս մրցանակը ձեռնարկուած է Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդի կողմէ, հովանաւորութեամբ՝ Հռոմի Քաղաքապետարանին եւ համագործակցութեամբը՝ <<լրագրողներ առանց սահմանի>> ընկերակցութեան, ու Լեւոնեան Վարժարանի Տնօրէնութեան Մասնակցութեամբ ։

Երեկոյթին սկիզբը Հռոմահայ գաղութի երիտասարդներէն Օր Լուսին Աթթարեան կարդաց լրագրող Էթիէն Մահչուպեանի՝ Հրանդ Տինքի նուիրած ուղերձը (Մահճուպեան մտերիմ բարեկամը եւ գործընկերն էր Հրանդ Տինքին)։
Որմէ ետք (միշտ գաղութի երիտասարդներէն Եակոբ Ալիբրանտի խօսեցաւ մրցանակին մասին, անոր դրդապատճառը եւ կէտնպատակը որ է յիշատակել Հրանդ տինքը ու անոր գաղափարականը ու միեւնոյն ատեն գործել մտքի եւ խօսքի ազատութեան պաշտպանութեան ի խնդիր
Ապա տիար Էմմանուէլէ Ալիբրանտի Հռոմի հայ համայնքի անդամ եւ ՜՜Աղթամար՝՝ երկլեզու պարբարականի պատասխանատուն ներկայացուց Հրանդ Տինքի սպաննութեան հայող դատի ընթացքը ու տեղեկութիւններ տուաւ աշխարհի մէջ լրագրողներու 2010 տարուայ (հաշուեկշիռի) մասին։
Տիար Ռոպէր Աթթարեան Հռոմահայ Համայնքի փոխ -նախագահը խօսեցաւ 2011 տարուայ մրցանակին ու մրցանակակիրին տիար Մարգօ Իմբալիացցոյին մասին, նշելով որ ան եղած է իտալացի առաջին լրագրողներէն որոնք անդրադարձան Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթին իր հրատարակած ՜՜Պատուհան մը Եղեռնի վրայ բացուած՝՝ գիրքով։
Ապա Պրն Աթթարեան նշեց որ գիրքին վերջին էջին մէջ նշուած է այն հարցումը որ Հիթլէր ուղղած էր իր խորհրդատուներուն ՜՜Ով կը յիշէ Հայոց Ջարդը՝՝ եւ հոն կար նաեւ հարցումին պատասխանը ՜՜Տակաւին կան անձեր որոնք կը յիշեն ՝՝ այս ազնիւ անձերէն մին է նաեւ՝ օրուան մեծարեալը տիար Մարգօ Իմբալիացցոն որ պատիւն ունինք ներկայացնելու։
Իսկ Հռոմի Լեւոնեան Հայ վարժարանի փոխ մեծաւորը՝ Գերապատիւ Հ. Թովմաս վրդ. Կարապետեան որ բարի գալուստ մաղթելէ ետքբոլորին Գովեց Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդի գործունէութիւնները հայապահպանման ի խնդիր ու վեր առաւ մրցանակակիրին Տիար Իմբալիացցոյին եւ Սանթ Էճիտիօ կազմակերպութեան արժանիքները, ապա հրաւիրեց Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց առաջնորդը՝ Արհիապատիւ Պետրոս արք Միրիաթեանը յանձնելու մրցանակը Տիար մարգօ իմբալիացցոյին քանի որ երկար տարիներէ ի վեր կը ճանչնան զիրար եւ միշտ միասին գործած են, յատկապէս խաղաղութեան ու արդարութեան ի խնդիր համաժողովներու ու հանդիպումներու ընթացքին։
Իր սրտի խօսքը ուղղեց Տիար իմբալիացցօ. ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց որ ինք ընտրուած է արժանանալու այս մեծ պատիւին, եւ ըսաւ ՜՜ինքզինքս տանս մէջ կը զգամ՝՝ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որոնք ներկայ եղան այս երեկոյթին ու մասնակցեցան իր ուրախութեան այսօրուայ իրեն շնորհուած մեծ պատիւին համար։

Հուսկ Տիար Աթթարեան շնորհաւորելէ ետք մրցանակակիրը տիար Իմբալիացցոն, ըսաւ որ պատշաճ է որ յիշուի ՜՜ միտքի եւ խօսքի ազատութեան համար զոհուած լրագրող նահատակը՝՝ ապա ՜՜ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անձնաւորութիւններուն Հայաստանի Կիպրոսի եւ այլ հանրապետութիւններու ներկայացուցիչներուն, նաեւ հաստատութիւններն ու միութիւնները ներկայացնող անձերուն իրենց ներկայութեան համար, ու յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնեց Լեւոնեան հայ վարժարանի տեսչութեան իր հիւրընկալութեան համար։
Այս առթիւ Լեւոնեան վարժարանի ՜՜Շնորհալիի անուան դահլիճին մէջ պատրաստուած էր կոկիկ հիւրասիրութիւն մը ի պատիւ մեծարեալին։








All the contents on this site are copyrighted ©.