2011-02-01 13:07:04

Քրիստոնեայ եւ Իսլամ Կրօնապետերու Հանդիպումը Քաթարի մէջ։ (Երեքշաբթի 1/2/2011-ին՝ Տեղեկացանք Որ Հանդիպումը Յետաձգուած Է Անյայտ Թուականով, Նկատի Ունենալով Եգիպտոսի Կացութիւնը)


Յառաջիկայ 2 եւ 3 Փետրուարին հանդիպումը որ պիտի կայանայ Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ, պիտի հանդիսանայ խորհրդածութեան պահ մը՝՝կրօնական մոլեռնդութիւնը հակադրելու անհրաժեշտութեան՝՝ վրայ։ Արաբական Լիկայի նախաձեռնած հանդիպումին պիտի մասնակցին քրիստոնեայ եւ իսլամ կրօնապետեր ընդ որս Գերապայծառ ֆուատ Թուալ Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարքը ,որ այս մասին սա պէս արտայայտուած է ՝՝ նախաձեռնութիւնը հաւանաբար կը ծագի ի տես ահաբեկչական ալիքին ու յառաջ եկած դատապարտութենէն քրիստոնեաներու դէմ գործադրուած Պաղտատի ու Եգիպտոսի կոտորածներէն ետք,արդարեւ Իրաքի եւ Եգիպտոսի ջարդերէն ետք իսլամ կրօնապետերու մէջ արթնցաւ գիտակցութիւն մը արմատականութեան,այն է կրօնամոլութեան վտանգներու մասին, ուստի դրսեւորուեցան դրական տարբեր հակազդեցութիւններ տարածուն կերպով մահմթտական աշխարէն ներս (աւելցուցած է Երուասղէմի Լատիններու Պատրիարքը ֆուատ Թուալ)ընդգծելով որ Եգիպտոսի ահաբեկչակն արարքէն ետք բազմաթիւ իսլամներ հիւանդանոց գացած են որպէսզի արիւն տան վիտրաւոր քրիստոնեաներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.