2011-02-01 13:15:57

Վրաստան՝ Ջաւախքի Եւ Ախալցխայի Մէջ Մզկիթ Կառուցելու Արտօնութիւն Տուած՝Թուրքիոյ։


«Կրուզիա օնլայն» կը հաղորդէ, որ Վրաստանի մշակոյթի նախարար Նիքա Ռուրուա «Փիրվելի» գործակալութեան յայտնած է, որ վրացական կողմը Թուրքիոյ Պաթումի մէջ մզկիթ կառուցելու արտօնութիւն տուած է։ «Այդ քայլը պէտք է ձեռնարկուի, որպէսզի փրկուին Թուրքիոյ տարածքին մէջ գտնուող վրացական մշակութային յուշարձանները», ըսած է ան։
Ինչ կը վերաբերի Վրաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ այդ հարցին մէջ կայանալիք համաձայնութեան,Նիքա Ռուրա յայտարարած է, որ ատոր պայմանները հանրութեան յայտնի պիտի դառնան, երբ թրքական կողմի ստորագրութիւնը ըլլայ։
Թրքական եւ վրացական կառավարական յանձնախումբերուն միջեւ կազմուած է արձանագրութիւն մը, ըստ որուն, Թուրքիա կը պատրաստուի Վրաստանի մէջ վերականգնելու երեք մզկիթներ եւ կառուցելու մզկիթ մը, իսկ Վրաստան կարելիութիւն պիտի ստանայ Թուրքիոյ մէջ գտնուող չորս հնագոյն եկեղեցիներ վերականգնելու։ Թրքական կողմը մզկիթներ պիտի վերականգնէ Ջաւախքի եւ Ախալցխայի մէջ, ինչպէս նաեւ Քոփուլեթիի շրջանին մէջ, ինչպէս նաեւ պիտի վերականգնէ Պաթումի մէջ գտնուող թրքական բաղնիքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.