2011-02-01 13:11:09

Շուէտի Համարկումի Նախարարը Էրիք Ուլենհակ Յիշատակեց Հայոց Ցեղասապանութիւնը 27 Յունուարին՝ Ողջակիզումի Զոհերու Յիշատակութեան Միջազգային Օրը։


Շուէտի կառավարութեան կայքէջը կը հաղորդէ, որ Շուէտի համարկումի նախարար, Ազատական-ժողովրդավար կուսակցութեան անդամ Էրիք Ուլենհակ Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի Սինակոկին մէջ Ողջակիզումի Զոհերուն Յիշատակման առիթով (27 Յունուարին ) արտասանած իր խօսքին մէջ յիշեցուցած է Հիթլերի խօսքերը եւ օգտագործած է ՝՝Հայոց Ցեղասպանութիւն՝՝ արտայայտութիւնը։

Շուէտացի նախարարը յայտնած է, որ Ատոլֆ Հիթլերին կը վերագրեն ՝՝ո՞վ կը յիշէ հայերը՝՝ արտայայտութիւնը։ Ան նկատի ունէր Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որ տեղի ունեցած է Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն, երբ շուրջ 1.5 միլիոն հայեր, ասորիներ եւ քաղդէացիներ զոհուեցան այն երկրին մէջ, որ այսօր Թուրքիան է։ Ոչ ոք պէտք չէ ըսէ ՝՝ո՞վ կը յիշէ հրեաները՝՝։ Նուազագոյնը, որ մենք կրնանք ընել՝ յարգելու համար Ողջակիզումի զոհերուն յիշատակը, մշտապէս պահելն է գիտելիքը-գիտակցութիւնը , թէ ի՛նչ եղած է։ Եթէ ժխտողներուն թոյլատրուի յաղթել պատմութեան պայքարը, ատիկա անդառնալի ոտնձգութիւն պիտի ըլլայ զոհերու յիշատակին առջեւ։ Եւ մշտապէս պիտի ըլլայ վտանգը, որ ատիկա կրնայ կրկնուիլ։








All the contents on this site are copyrighted ©.