2011-02-01 13:54:55

Կարտինալ Թոռան Մտադիր Է Շարունակել Երկխօսութիւնը Մահմետական Աշխարհին Հետ` ՜՜Սրբազան Քահանայապետի կոչին մէջ` ի նպաստ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն, ոչ մէկ միջամտութիւն կայ՝՝։


Վատիկանի Օսսերվատորէ Ռոմանօ կիսապաշտօն օրաթերթին հետ ունեցած ելոյթով կարտինալ Թոռան կը յայտնէ իր կամքը շարունակելու երկխօսութիւնը մահմետական աշխարհին հետ, հակառակ գոյացող լարուածութեան Վատիկանի եւ Գահիրէի Ալ Ազհար համալսարանի միջեւ, որպէս հետեւանք սխալ հասկացողութեան ու մեկնաբանութեան ՜՜ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի միջամտութեան՝՝ ոը կը հայի փոքրամասնութիւններու կրօնական պաշտպանութեան ։ Կարտինալ Թոռան` նախագահը միջկրօնական քահանայաոպետական խորհուրդին հաստատած է թէ Ալ Ազհարի հետ մեր ունեցած բոլոր ժամադրութիւնները հաստատուած կը մնան, մատնանշելով ոը եթէ կ'ուզենք յառաջանալ երկխօսութեան մէջ հարկաւոր է կլոր սեղանի շուրջ նստիլ ու տրամաբանել եւ ոչ թէ՝ մամուլի մէջ յայտարարութիւններ կատարել։ Հուսկ կարտինալը կը հաստատէ որ սխալ է տարածել այն կարծիքը թէ Սրբազան Քահանայապետը չի սիրեր մահմետականները, կը բաւէ կարդալ անոր յայտարարութիւնները մահմետական ներկայացուցիչներու հետ ունեցած բազմաթիւ հանդիպումներու ընթացքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.