2011-02-01 13:53:14

՜՜Հայաստան Աշխարհը Որպէս Միջանցք՝՝ Բնաբանով Հանդիպում Մը Հռոմի Մէջ։


Կազմակերպութեամբ՝ Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդի եւ իտալական Integrarte ընկերակցութեան եւ հովանաւորութեամբ՝ Լեւոնեան Հայ վարժարանին, Կիրակի 30 Յունուարի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ ''Armenia terra di mezzo'' ՜՜Հայաստան աշխարհը որպէս միջանցք՝՝ բնաբանով հանդիպում մը, որուն ընթացքին ներկաները ծանօթացան ՜՜Հայկական ինքնութեան՝՝ խօսքերու լուսանկարներու եւ համեմներու ընդմէջէն։
Integrarte ընկերակցութիւնը (իտալական ընկերակցութիւն մըն է որ երեք տարիէ ի վեր կը կազմակերպէ հանդիպումներ զանազան երկիրներու ժողովուրդներուն հետ, ծանօթանալով ու ծանօթացնելով անոնց պատմութիւնն ու մշակոյթը... Հնդկաստանէն՝ Փիլիպեաններ, Արաբական երկիրներէն մինչեւ Հայաստան աշխարհ...Այս ՜՜Ընկերակցութիւնը՝՝ կը հաւատայ որ արուեստը միջոց մըն է ժողովուրդներու ու անոնց մշակոյթներու միջեւ փոխադարձ ճանաչման։ Կազմուած է իտալացի երիտասրդ-երիտասարդուհիներէ որոնք կը կազմակերպեն զանազան ձեռնարկներ ու հանդիպումներ, դիւրացնելու ՜՜օտարականին՝՝ ինքզինք զգալու օգտակար եւ մասնակից անհատ մը իր ապրած երկրին մէջ. ՜՜ճոխացնելով տարբեր ազգերու միջեւ փոխյարաբերութիւնները՝՝ ։
Կիրակի 30 յունուարի նախաձեռնութիւնը՝ հայ աշխարհի հետ ծանօթացման հանդիպումը, տեղի ունեցաւ Լեւոնեան վարժարանի Շնորհալիի նուիրուած սրահին մէջ, որուն ընթացքին ներկաները դիտեցին ՜՜հայկական դէմքեր՝՝ բնանիւթով լուսանկարներու ցուցահանդէսը, գործ՝ Անթոնիօ Թիզօ եւ Իլէնա Բիչչոնի-ի։
Այս լուսանկարները պատրաստած են երկու արուեստագէտներ (Անթոնիօ Թիզօ եւ Իլէնա Բիչչոնի) որոնք 2004 -ին, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մասին տեղեկագրութեան մը պատրաստութեան համար լուսանկարած էին հայ տարեցներու, երախաներու ու կիներու դէմքերը ։
Իր բացման խօսքին մէջ Ներկաները ողջունեց Integrarte ընկերակցութեան նախագահը որ շնորհակալութիւն յայտնեց Հռոհամահայ գաղութի խորհուրդին իրենց աջակցութեան համար, Լեւոնեան վարժարանի տեսչութեան հիւրընկալութեան համար, ողջունեց ներկաները հակիրճ կերպով տեղեկութիւն տալով Integrarte ընկերակցութեան գործունէութեան ու նպատակին մասին, ապա խօսք առաւ Հռոմի Հայ համայնքի փոխ նախագահը Տիար Ռոպէր Աթթարեան որ խօսեցաւ հայոց պատմութեան ու մշակոյթին մասին ինչպէս նաեւ սփիւռքի տարածքին գտնուող հայերու՝ յատկապէս Հռոմի հայերու մասին, որուն ընթացքին ցուցադրուեցաւ վաւերագրական տեսաերիզ մը։ Իսկ Տիար Էմմանուէլէ Ալիբրանտի՝ մանրամասն տեղեկութիւներ տուաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին։
Խօսք առաւ նաեւ Լեւոնեան վարժարանի մեծաւորը գերյարգելի Հ Գէորգ Ծ Վ Նորատունկեան որ անդրադարձաւ հայ եկեղեցւոյ։ Ապա ներկաները այցելեցին Ս. Նիկողայոսի անուան եկեղեցին որ 1883-ին տրուեցաւ Հայոց երջանկայիշատակ Լեւոն 13-րդ քահանայապետին կողմէ, եւ այդ օրէն դարձած է Հռոմահայերու աղօթավայրը ։
Հուսկ՝ ներկաներուն հրամցուեցաւ հայկական համադամներ ու ճաշատեսակներ պատրաստուած ՜՜Զարթօնք՝՝ տիկնաց յանձնախումբի կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.