2011-02-01 13:03:36

2011-ը՝ ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻ ՏԱՐԻՆ ։
Մանուկը՝ ներկայ ընկերութեան կեանքին մէջ։


Ներկայ աշխարհի ամենէն հրատապ խնդիրներէն մէկը մանո՜ւկն է: Աստուծոյ ստեղծագործութեան ամենէն փխրուն արարածը, մանուկը անմիջականօրէն ենթակայ է պատերազմներու յառաջացուցած վնասներուն, կենսոլորտային ու բնական չարիքներուն, ընկերային ու ֆիզիքական ախտերուն եւ ընկերութեան կեանքին մէջ յառաջացող բարոյական մոլութիւններուն ու անոնց հետեւանքներուն: Կատարուած հարցախոյզներուն համաձայն, մահացող մանուկներու թիւը սկսած է զգալի աճ արձանագրել՝ հակառակ ընկերային, բժշկական ու տնտեսական մարզերէն ներս կատարուած հսկայ յառաջդիմութեան: Արդարեւ, աշխարհի բոլոր կողմերը աղքատութեան եւ հիւանդութիւններու հետեւանքով միլիոնաւոր մանուկներ կը տառապին. համաճարակներուն պատճառաւ միլիոնաւոր մանուկներ կը մահանան. ընկերաբարոյական չարիքներու հետեւանքով միլիոնաւոր մանուկներ կ’որբանան ու կը դառնան փողոցներու բնակիչ:
Միւս կողմէն՝ կազմակերպուած կերպով ու համաշխարհային մասշտապով տեղի ունեցող մանուկներու շահագործումը՝ գիշերային զբօսավայրերու մէջ եւ կամ պատերազմի դաշտին վրայ, մանուկներու առեւանգումը եւ կամ վնասաբեր նպատակներու օգտագործումը, փաստօրէն, մանուկը վերածած է ապօրէն ու անաբարոյ առեւտուրի առարկայի: Եւ դժբախտաբար նման երեւոյթներ կը շարունակուին ու աւելի՜ կը տարածուին՝ հակառակ պետութիւններու խիստ հետապնդումներուն:
Արդարեւ, մանուկներու դէմ կատարուող բռնարարքները եւ անոնց նկատմամբ բարոյական իմաստով անվայել մօտեցման փորձերը, լայն տեղ կը գտնեն միջազգային մամուլին գլխաւոր լուրերու շարքին: Իսկ նման արարքներու մէջ յերիւրածոյ հնարքներով անհատներ ու կառոյցներ ներառելու եւ իրաւական միջոցներու դիմելով հսկայ գումարներ ապահովելու կամ հանգամանքներ վարկաբեկելու ճիգերը սկսած են դառնալ սովորական: Այսպէս, անզէն, անգիտակից ու անմեղ մանուկը այսօր դարձած է իրեն նկատմամբ հոգածութիւն ու պաշտպանութիւն ցոյց տալու կոչուած իր շրջապատին գերին ու շահագործումին թիրախը: Արդ, կրնաք երեւակայել խեղճ մանուկներուն ահաւոր տառապանքը ու անձկութիւնը: Ահա թէ ինչու կրօններ, պետութիւններ ու կազմակեպութիւններ առաջնահերթ կարեւորութիւն սկսած են տալ մանուկին, իրենց պիւտճէներուն կարեւոր բաժինը տրամադրելով մանուկներուն առնչուած ծրագիրներուն:

Այս շրջագծէն ներս, կ’արժէ յիշել Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան հաստատած մանուկներու յատուկ բաժանմունքը՝ UNICEF անունով ծանօթ: Արդարեւ, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան այս կառոյցին նպատակն է օգտակար հանդիսանալ մանուկներուն՝ գործնական նախաձեռնութիւններու դիմելով, ինչպէս նաեւ մանուկներուն հետ աղերս ունեցող ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն նիւթապէս օժանդակելով: Եւ որպէսզի յիշեալ կառոյցին աշխատանքը դառնայ աւելի կազմակերպ ու հետեւողական, ինչպէս նաեւ պետութիւններու մասնակցութիւնը աւելի գործօն ու մանուկներու նկատմամբ անոնց ունեցած յանձնառութիւնը աւելի հաստատ, 1989-ին, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը միջազգային համագումար մը կազմակերպեց, ուր միաձայնութեամբ հռչակուեցաւ "Մանուկներու Իրաւունքներու Ուխտ"ը:
Յիշեալ Ուխտին նպատակն է՝ ա) մանուկներու իրաւունքը պաշտպանել. բ) մանուկներու կարիքները հոգալ. գ) մանուկներու աճման ու զարգացման լայն կարելիութիւններ ստեղծել: Այս հիմնական նպատակներու լոյսին տակ, նոյն Ուխտին մէջ նաեւ կը յիշուի թէ անհրաժեշտ է ամէն ճիգ ի գործ դնել որպէսզի մանուկները առողջ ապրին, վնասաբեր երեւոյթներու ենթակայ չդառնան, շահագործումներէ հեռու մնան, խտրականութեան զոհ չդառնան, անոնց արժանապատուութիւնը մնայ բարձր, եւ առաւելագոյն չափով մասնակից դառնան ընկերա-մշակութային կեանքին:
UNICEF-ի կեդրոնը կը գտնուի Նիւ Եորք, ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ: Անոր լայնածաւալ գործունէութեան զանազան երեսներուն առնչուած մասնագիտական կեդրոններ կը գործեն Զուիցերիոյ, Տանիմարքայի, Պելճիքայի, Իտալիոյ եւ Ճափոնի մէջ, եւ բազմաթիւ գրասենեակներ՝ 190 երկիրներու մէջ:
Ներկայ ընկերութեան մէջ մանուկին տրուած յատուկ կարեւորութեան եւ այդ ուղղութեամբ կատարուող բազմատեսակ աշխատանքներուն մէջ պակսողը կրօնա- բարոյական դաստիարակութիւնն է, ինչ որ Մենք կը նկատենք հիմնական՝ մանուկին առողջ կազմաւորման ու անոր նկարագրի կերտման համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.