2011-01-31 12:54:47

ՊԵնետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Խօսքը Եւդոպիայի Դպրեվանքի Մեծաւորներուն Եւ Ժառանգաւորներուն։


Շաբաթ օրը Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Եւդոպիայի դպրեվանքի մեծաւորներն ու ժառանգաւորները, իրենց պաշտպան սուրբին Սուրբ Ժիւսդան տէ ժագոպիսի` մահուան 150-րդ տարեդարձին առթիւ։ Սրբազան Հայրը մաղթեց որ այս սուրբին օրինակին հետեւելով , վանքին վարդապետնետն ու ժառանագւորները իրենց կարգին նպաստեն Եւդոպիայի եւ Էրիդերիայի խաղաղ համակեցութեան։
'' Դուք յոյսի նշան էք, ձեր հասարակութեան'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը աւելցնելով՝ մաղթանքս է որ Հռոմի մէջ ձեր ունեցած փորձառութիւնը նպաստէ խաղաղ համակեցութեան զարգացումին ու ամրապնդումին երկու ազգերու միջեւ։ Նշենք թէ Եւդոպիոյ քահանայապետական դպրեվանքը հաստատուած է 1930-ին Վատիկանի այգիին մէջ, եւ այնտեղ միասնաբար կը բնակին եւդոպացի եւ էդերիացի ժառանգաւորները։








All the contents on this site are copyrighted ©.