2011-01-31 14:25:44

Կոտրուած են Մօտ 300 Հայկական Կայքեր . Սմարթ Սիսթեմը Կը Փորձէ Վերականգնել Զանոնք ։


՝՝emPer0rshiP՝՝ անունով համակարգչահէններու խումբը շաբաթ օր կոտրած է «Սմարթ Սիսթըմ»ի ծառայութեան սարքը: Այժմ կոտրուած են 295 հայկական կայքեր, որոնք կ’օգտուէին ընկերութեան առաջարկած մատակարարումէն: Կոտրուած կայքեր մուտք գործելու ժամանակ կը յայտնուի հաղորդագրութիւն՝ «Հայերու սուտերուն մի՛ հաւատաք» վերտառութեամբ: Ինչպէս կը յայտնէ ponews.am-ը, չի բացառուիր, որ ասիկա թուրք-ազրպէյճանական համագործակցութեան հետեւանք է, որովհետեւ հաղորդագրութեան գրելաձեւը մասամբ յատուկ է ազրպէյճանցիներուն, իսկ հաղորդագրութեան միւս մասը թրքերէն է:







All the contents on this site are copyrighted ©.