2011-01-30 10:46:54

Սուրիա Սօխ-ի Վերանորոգուած եւ Բարեզարդուած Կակաչ Մանկամսուրի Պաշտօնական Բացում


Սուրիոյ օգնութեան խաչի ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ վերջերս հաստատուած վերանորոգուած մանկամսուրին բացումը։ Պաշտօնական բացման ներկայ էին ձեռնարկին հովանաւոր՝ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան եպս Սարգիսեան, բարերարներ, ՍՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը եւ խաչուհիներ։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՍՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան մանկամսուրի յանձնախումբի ատենապետ Սիրան Ամպարճեան ան ըսաւ, որ գաղութին մէջ աշխատող եւ ուսանող մայրերուն թիւին աճին պատճառով հարկ էր մանկամսուրի մը շինութիւնը, հետեւաբար 1991-էն ի վեր կեդրոնին մէջ կը գործէր ՍՕԽ-ի մանկամսուրը, որ հետզհետէ ընդարձակած է իր ծիրը եւ ընդգրկած է մանուկները զարգացնելու ծրագիրներ։ Ան ընդգծեց մանկամսուրի բարեկարգումին նպատակն ու անհրաժեշտութիւնը եւ ըսաւ, որ անիկա կրնայ պարփակել 35-40 փոքրիկներ, օժտուած է ջեռուցման եւ օդափոխիչ կեդրոնական սարքերով, արդի եւ գեղեցիկ մանկական կահոյքով եւ մանուկներու հանգստաւէտ լաւագոյն մթնոլորտով։
Ձեռնարկին աւարտին Շահան եպս Սարգիսեան շնորհաւորական եւ շնորհակալական խօսքեր ուղղեց ՍՕԽ-ին գնահատեց եւ շնորհաւորեց մանկամսուրին յանձնախումբը։








All the contents on this site are copyrighted ©.