2011-01-30 14:02:37

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը ։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը ։

Կիրակի յունուար 30 Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց, իր գրասենեակի պատշգամէն։
Մարեմեան աղօթքէն առաջ, նորին սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց երանութիւններու մասին (Մատթ. 5̓)
Ապա Նորին Սրբութիւնը անդրադարցաւ այսօր յիշատակուող բորոտախտէ տառապողներուն համաշխարհային 58 րդ օրուան, որուն նշանաբանն է ''համայան աշխարհի համար գոյութիւն ունի միայն մէկ երկինք''։
Սրբազան Քահանայապետը իր խօսքին մէջ յիշեց նաեւ յիշատակութիւնը ''Սուրբ Երկրի խաղաղութեան ի նպաստ բարեխօսութեան համաշխարհային օրուան'' ու հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթելու այս դիտմամբ։
Ապա սիրալիր խօսք ուղղեց կաթողիկէ բանւոարական միջազգային շարժումի երիտասարդ երիտասարդուհիներուն` որ մեծ թիւով հաւաքուած էին Սուրբ Պետրոսի հրապարակը իրենց պարագաներու եւ պատասխանատուներու հետ ''Խաղաղութեան Կարաւան'' 30 ամեայ ձեռնարկի եզրափակումի առթիւ որ տեղի կ՛ունենայ ամէն տարի յունուար ամսուայ ընթացքին։ Նշենք թէ Յունուար ամիսը կը կոչուի նաեւ ''խաղաղութեան ամիս''։
Ապա Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց Սուրբ Պետրոսի Հրապարակը գտնուող հաւատացեալները։
Նշենք թէ սովորութիւն դարձած է յունուար ամսուայ վերջին Կիրակին` երկու պատանիներ մարեմեան աղօթքի աւարտին Սրբազան Հօր գրասենեակի պատուհանէն ազատ արձակեն խաղաղութիւնը խորհրդանշող երկու սպիտակ աղաւնիներ։
Իր Ճառին աւարտին Նորին Սրբութիւնը մաղթելով բոլոր ներկաներուն բարի կիրակի եւ ապա հրաւիրեց երկու պատանիները ազատ արձակելու խաղաղութեան խորհրդանշող աղաւնիները։








All the contents on this site are copyrighted ©.