2011-01-30 10:57:58

Ղպտի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պատրիարքը Կարտինալ Նակիպի Յայտարարութիւնը։


Ղպտի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Պատրիարքը Կարտինալ Նակիպ, Իտալական կաթողիկէ ՍԻՐ գործակալութեան հետ ունեցած ելոյթին ընթացքին բաղձանք յայտնած է որ պտղաբեր երկխօսութիւն մը հաստատուի քրիստոնեաներու ու մահմետականներու միջեւ։ կարտինալը խնդրած է որ երկխօսութիւնը մահմետական աշխարհին հետ ըլլայ ոչ միայն պաշտօնական երկխօսութիւն այլ եւ մասնաւորապէս կեանքի երկխօսութիւն մը հաստատուի երկու համայնքներու միջեւ, յոյս յայտնելով որ Ալ Ազհար Գահիրէ համալսարանը իր գործօն մասնակցութիւնը բերէ հոկտեմբեր ամսոյն մէջ Ասիզիի,գումարուելիք միջկրօնական հաւաքին։
Իր կարգին կարտինալ Ժան Լուի Թոռան` նախագահը միջկրօնական երկխօսութեան իր տրամադրիլիութիւնը յայտնած է մասնակցելու նախապէս ծրագրուած հանդիպումի Ալ Ազհար համալսարանի հետ, 23-24 փետրուար







All the contents on this site are copyrighted ©.