2011-01-30 10:57:51

Եւրոպայի Խորհուրդը Իր Մտադոգութիւնը Յայտնած է Միջին Արեւելքի Քրիստիոնեաներու Գաղթին։ Քրիստոնեաներու Անհետացումը Միջին Արեւելքէն կը Նշանակէ Յաղթանակը Ծայռայեղ Մոլեռանդներուն


Եւրոպայի խորհուրդի ազգային ժողովի անդամները իրենց հրապարակած մէկ հաղորդագրութեամբ կոչ ուղղած են պայքարելու կրօնական ծայռայեղութեան դէմ, որ աղբիւր է ահաբեկչութեան։ Անոնց գնահատումին համաձայն կրօնական համայնքներու համակեցութիւնը նշան է բազմազանութեան ու առիթ բարգաւաճումի ու հանրավարութեան զարգացումին ու մարդու իրաւունքներու յարգանքին։ Եւրոպայի խորհուրդը կը դատապարէ քրիստոնեաներու դէմ կատարուած հալածանքը ու կը պահանջէ ահաբեկիչներու դատաւարութիւնը։
Եւրոպական խորհուրդի տեղեկագիրը ցոյց կու տայ թէ կրօնական բռնութիւններու զոհերու 75 տոկոսը քրիստոնեաներ են, եւ կը մատնանշէ քրիստոնեայ հալածող պետութիւնները` հիւիսային Գուրիան, Աֆղանիստանը, Սաուտիդ Արաբիան եւ Իրանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.