2011-01-30 10:46:39

Աստուծոյ Փրկրագործութեան Ծրագիրը Եւ Մենք Նիւթով Պատգամ Եւ Զրոյց


Կազմակերպութեամբ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցասիրաց եղբայրակցութեան, երէկ՝ երեքշաբթի, 25 յունուար 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, եղբայրակցութեան աղօթասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւոր պատգամ եւ զրոյց՝ ,Աստուծոյ փրկագործութեան ծրագիրը եւ մենքե նիւթին շուրջ։ Նիւթը ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան հայրերէն Հրայր աբղյ. Թահանեան։
Հաւաքին բարի գալուստի խօսքը Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցասիրաց եղբայրակցութեան անունով արտասանեց Արա Կարէեան, որ նշեց, թէ պէտք է լաւապէս հասկնալ Աստուծոյ պատգամը, որ յաւիտենական լոյս կը փոխանցէ։
Ապա ներկաները երգեցին ,Օրհնեալ եսե եւ ,Բարի հովիւինե երգերը, որմէ ետք խօսք առաւ Հրայր աբղյ. Թահանեան։ Ան յայտնեց, որ Աստուած իր ստեղծած բոլոր արարածներուն եւ մանաւանդ մարդոց նկատմամբ ունի սէր։ Հայր սուրբը ներկայացուց Հին կտակարանին ու Նոր կտակարանին մէջ տեղ գտած Աստուծոյ փրկագործութեան ծրագիրը՝ տարբեր հանգրուաններու ընթացքին։
Փրկագործութեան ծրագիրին զանազան հանգրուաններուն անդրադառնալով՝ Հրայր աբղյ. Թահանեան աւելցուց, որ ջրհեղեղին նպատակը մարդկութիւնը ջնջել չէր, այլ՝ մեղքը, ուստի, ջրհեղեղով ոչ թէ մարդիկ ջնջուեցան, այլ՝ մարդկութեան փրկութեան առիթ տրուեցաւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.