2011-01-29 11:30:25

Փիլիպեաններու Մէջ Սպաննուած Կաթողիկէ Լրագրող Կէրրի Օրթէկա։


Մարդկային Իրաւուքներու անխոնջ պաշտպանը կաթողիկէ լրագրող Կէրրի Օրթէկա հրացանազարկ եղաւ՝Բալավան կղզիի Բուէրթօ Բրինչէսա կոչուած վայրի մէջ։ Ոճիրը տեղի ունեցած է անցեալ երկուշաբթի։ Վերջին 25 տարիներու ընթացքին Փիլիպեաններու մէջ սպաննուած են տեղեկատուութեան 142 գործիչներ։ Վերջերս Փիլիպեան Կղզեախումբի Եպիսկոպոսները ահազանգի կոչ մը հնչեցուցին ի տես յանցագործութիւններու եւ բռնութեանց յաւելումին ,որ յատկապէս թիրախ կառանէ ՝ լրագրողները ,կրօնաւորները եւ կրօնաւորուհիները,եւ այն բոլոր գործոն անձերը ինչպէս արհիմիութենականներ,փաստաբաններ,մարդակային իւրաւունքներու գործիչներ որոնք կը պաշտպանեն յետին աղքատներու ու մեկուսացած անձերու իրաւունքները ։ Կէրրի Օրթէկա 47 տարեկան յանձնառու էր Բալավան Կղզիի բնիկ հասարակութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան համար կատարուած քարոզարշաւի մէջ։Արդարեւ Բալավան Կղզիին համար նախատեսուած է հանքահորերու մեծ ծրագիր մը արտօնութեամբը՝ կեդրոնական ու գաւառական







All the contents on this site are copyrighted ©.