2011-01-28 11:57:16

Մոսկուայի Մօտ Առաքելական Դեսպանի Գնահատումով՝ Մօտալուտ Է Հանդիպումը Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Եւ Մոսկուայի Պատրիարք Կիւրեղ Ա.ին Միջեւ`Որ Պատմական Հոգեւոր Դէպք Մը Պիտի Ըլլայ։


Պատմական հանդիպումը Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետի եւ Կիւրեղ Ա. Պատրիարքի միջեւ, հաւանական կը թուի ըլլալ, այսպէս կը գրէ ռուս ''NG Religii'' շաբաթաթերթը որ հարցազրոյց ունեցած է գերապայծառ Անթոնիօ Մեննինիի հետ։
Առաքելական դեսպանը յայտնած է ՜՜երկու Հայրապետներու միջեւ հանդիպումը հոգեւոր դէպքի մը ձեւին տակ՝՝։ 18 մայիս 2010ին Մոսկուայի պատրիարքութեան արտգործ նախարարը՝ մետրապոլիտ Հիլարիոն իր բաղձանքն ու յոյսը յայտնած է որ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի եւ Կիւրեղ պատրիարքի միջեւ այս հանդիպումը տեղի ունենայ, մատնանշելով որ անիկա ոչ միայն պատմական արժէք պիտի ունենայ, այլեւ նշան պիտի հանդիսանայ երկու եկեղեցիներու մօտեցումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.