2011-01-27 12:35:16

ֆրանսացի Կարտինալ Պերնարտ Բանաֆիէօ 80 տարեկան։


ֆրանսացի Կարտինալ Պերնարտ Բանաֆիէօ-ն Մարսիրիոյ երբեմնի Արքեպիսկոպոսը, 26 յունուարին բոլորեց իր ծննդեան 80 րդ տարին, առ այդ՝ Կարտինալական Դասի մէջ Քահանայապետի ընտրութեան մասնակցող եւ քուէարկելու իրաւասութիւն ունեցող կարտինալներուն թիւը կ՛իջնէ 121-էն 120-ի, եւ ոչ ընտրող Կարտինալներուն թիւը կը բարձրանայ 81-ի։
ֆրանասացի Կարտինալը առաջինն է որ 2011 տարուայ ընթացքին ամբողջացուց իր 80 ամեակը, եւ նոյն տարուայ ընթացքին այլ 9 կարտինալներ եւս մաս պիտի չի կազմեն ընտրողական դասին իրենց տարիքի բերումով , անոնցմէ 5-ը՝ Եւրոպայէն են, 2-ը՝ Ամերիկայէն 2-ը՝ Ասիայէն եւ մէկը՝ Ափրիկեցի։ Յառաջիկայ 6 փետրուարին՝ Կարտինալ Ռիգգարտօ Վիտալը եւս (Փիլիպպեան կղզեխումբէն) 80 տարեկանը կը բոլորէ։։
Նշենք թէ այս օրէնքը ներմուծողը եղաւ երջանկայիշատակ Պօղոս Զ. Քահանայապետը, որով Քահանայապետի ընտրութեան համար քուէարկութեան մասնակցող կարտինալներու տարիքը պէտք է 80 տարեկանէն վար ըլլայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.