2011-01-27 12:24:52

Յարաբերութիւններու Բարւոքում Ընդ Մէջ Սուրբ Աթոռի եւ Հանոյի(Վիէթնամ)։


Ժողովուրդներու Աւետարանացումի Կառավարիչը Կարտինալ Իվան Տիազի վերջերս կատարած այցելութիւնը եւ Վիէթնամի մէջ քահանայապետական ներկայացուցիչի մը անուանումը (ոչ-բնակող) յանձին Գերապայծառ Լէօբոլտօ Կիրէլլի-ի , կը քաջալերէն ,յոյս կը ներշնչեն Վիէթնամի Կաթողիկէ Համայնքին ։ Նորութիւններ որոնք պիտի նպաստեն ՝՝ դիւանագիտական յարաբերութիւններու աստիճանաւոր լաւացումին Սուրբ Աթոռի եւ Վիէթնամի Ընկերվարական Հանրապետութեան միջեւ ՝՝ ըլլալով մեկնաբանած է Վիէթնամի Եկեղեցւոյ ՝՝ֆԻՏԷՍ՝՝ լրատու գործակալութեան մէկ աղբիւրը։ Գերապայծառ Կիրէլլի արդարեւ շարունակաբար պիտի կարենայ այցելել կաթողիկէ համայնքները։ Քահանայապետական ներկայացուցիչի ներկայութիւնը պիտի ծառայէ արտայայտելու սէր ու նաեւ Սրբազան Հօր հովուական հոգատարութիւնը Վիէթնամցի հաւատացեալներու նկատմամբ,որոնք այսպէս պիտի կարենան Քահանայապետին մօտիկութիւնը զգալ իրենց հարցերուն,զգալով միաժամանակ քաջալերուած ու մխիթարուած իրենց դժուարութիւններուն մէջ։ Միւս կողմէ նուազ նշանակալից չէ Կարտինալ Իվան Տիազի Ժողովուրդներու Աւետարանացումի Կառավարիչի այցելութիւնը վերջերս Վիէթնամ ,որպէս Պենետիկտոս ԺԶ.Սրբազան Քահանայապետի յատուկ նուիրակը՝տեղական Եկեղեցւոյ Յոբելեանի փակման առիթով։ Այս այցելութեան ընթացքին Կարտինալ Տիազ գնաց Լավանկ-ի Ուխտավայրը՝ուր Տիրամայրը երեւցած է առաջին անգամ 1798-ին,հոս Կարտինալ Իվան Տիազ կատարեց օրհնութիւնը Աստուածամօր նոր մէկ արձանին եւ զետեղեց նաեւ առաջին քարը նոր Սրբավայրի մը՝ նոյնինքն Վիէթնամի Կառավարութեան արտօնութեամբ։ Վիէթնամի մէջ գոյութիւն ունի 6 միլիոն կաթողիկէներ հաշուող հասարակութիւն մը։







All the contents on this site are copyrighted ©.