2011-01-27 11:53:06

Եւրոպայի Եպիսկոպոսներու Գիտաժողովը Համալսարանական Հովուութեան Նիւթին Մասին։


Գիտաժողովը տեղի կ'ունենայ 27-30 յունուար Միւնիխի մէջ ''Կազմաւորում, դաստիարակութիւն եւ Աւետարան` հեռանկարներ Եւրոպայի համալսարանական հովուութիւն'' նիւթին մասին։ Աշխատանքներուն կը մասնակցի Միւնիխի առաջնորդը՝ կարտինալ Մարքս որ 30 յունուարին հանդիսաւոր պատարագով պիտի եզրափակէ աշխատանքները։
Ժողովականները պիտի աշխատին պատասխանել հետեւեալ հարցումներուն.՜՜ ո՞րոնք են ապագայ հեռանկարները Եւրոպայի համալսարանին, Որոնք են այսօրուայ ուսանողները։ Կարել՞ի է հաւատքի ապրում ունենալ դասընթացքներու ու քննութիւններու ընթացքին, Հաւատք եւ գիտութիւն` երկխօսութիւն մը որ կը ներփակեն նոր մարտահրաւէրներ։ Ո՞րոնք են Եկեղեցւոյ հովուութեան դերակատարները համալսարանական աշխարհին մէջ՝՝։
Նշենք թէ Եւրոպայի եպիսկոպոսական խորհուրդը կազմուած է 33 եպիսկոպոսական համահաւաք դասերէ, Խորհուրդին նախագահն է կարտինալ Էրտօ՝ առաջնորդը Պուտապեշտի թեմին եւ Խորհուրդին քարտուղարութեան կեդրոնը կը գտնուի Սան Կալի մէջ Զուիցերիա ։








All the contents on this site are copyrighted ©.