2011-01-26 14:01:24

Փաքիստան - Գերապայծառ Սալտանա Շնորհակալութիւն Կը Յայտնէ Եւրոպական Երկիրներուն, Իրենց Զօրակցութեան Համար։


Փաքիստանի Լահոր թեմի առաջնորդը 'Ասիայի Եկեղեցի'' լրատու գործակալութեան հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, յայտնեց թէ 30 յունուարին հրաւիրած է Փաքիստանի բոլոր հաւատացեալները աղօթքի ու ծոմապահութեան, երկրին խաղաղութեան ու միութեան համար։ Ապա խօսելով՝ ՜՜ Եւրոպայի միութեան 20 յունուարին առած որոշումին՝՝ մասին, որով կը խնդրէ Փաքիստանի նախագահէն ներում շնորհել մահապատիժի դատապարտուած Ազիա Պիպիին , ըսաւ. ՜՜ իմ երախտագիտութիւնը կը յայտնեմ Եւրոպայի պետութիւններուն Փաքիստանի քրիստոնեաներուն հանդէպ ցուցաբերած զօրակցութեան համար՝՝։
Նշենք թէ՝ նախաձեռնութեամբ Իտալիոյ ազգային ժողովի խումբ մը երեսփոախաններու եւ իտալական քաղաքացիական ընկերակցութիւններու, Հռոմի մէջ, 26 յունուարին, ցոյց մը կազմակերպուած է, ի զօրակցութիւն Ազիա Պիպիի եւ հայհոյանքի դէմ մահապատիժի օրէնքի ջնջումին։ Ցուցարարներու լոզունքը եղած է. ''Ազիա Պիպի. ազատութիւն, արդարութիւն, մարդու իրաւունք''








All the contents on this site are copyrighted ©.