2011-01-26 12:50:17

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Ընդհանուր Ունկնդրութիւնը։


Չորեքշաբթի 26 յունուար 2011, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի աւելի քան 5 հազար ուխտաւորներուն, խմբուած Պօղոս Զ.ի անուան սրահին մէջ։
Շարունակելով իր խորհրդածութիւնը Կնոջ դերին եկեղեցւոյ մէջ նիւթին մասին, Նորին Սրբութիւնը ներկայացուց սրբուհի Ժան տ'Արգը։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
Սրբուհի Ժան տ'Արգը մաս կը կազմէ այն զօրաւոր կիներուն, աշխարհական եւ նուիրեալ կոյսերուն, որոնք Աւետարանի լոյսը սփռեցին Եկեղեցւոյ պատմութեան ամենէն ողբերգական ժամանակներուն։
Ան ծնած էր Տոմրեմի քաղաքը 1412ին, Յիսուսի ու Տիրամօր հանդէպ իր սէրը ստացաւ իր ծնողքէն, սորվելով անոնցմէ ՜՜գութ ունենալ՝՝ հանդէպ տառապեալներուն Հարիւր տարուայ պատերազմի ահաւոր շրջանին։
Ժան տ'Արգ 13 տարիկանին կը կանչուի Տիրոջմէն՝ Միքայէլ հրեշտակապետի միջոցաւ, ձայնով ամրապնդելու իր քրիստոնէական կեանքը ու նուիրուելու իր ժողովուրդին ազատագրման։
Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ թէ Ժան տ'Արգի՝ Սերտ կապը հոգեւոր կեանքի ու քաղաքական առաքելութեան միջեւ, եզակի մէկ երեւոյթ մըն է իր սրբութեան։
Յաղթահարելով դժուարութիւնները, հզօր եւ վճռակամ, ան կը մասնակցի պատերազմին եւ կ'ազատագրէ Օրլէանը, զինուորներուն առջեւ ցոյց տալով մեծ բարութիւն ու զարմանահրաշ սրտի մաքրութիւն մը։
23 մայիս 1430ին ան կը բանտարկուի ու այսպէս սկիզբ կ՝առնէ անոր չարչարանքը։
Երկար դատավարութեան կ'ենթարկուի որ կ'եզրափակուի մահապատիժով, յաչս դատաւորներուն որոնց կը պակսէր եղբայրսիրութիւնը ու խոնարհութիւնը տեսնելու այս դերատի աղջնակին մէջ Աստուծոյ ներգործութիւնը։
Ժան տ'Արգ կը վախճանի բարձրաձայն գոչելով Յիսուսի անունը, որ կեդրոնն էր իր բոլոր կեանքին։ Իր անմեղութիւնն ու կատարեալ հաւատարմութիւնը Եկեղեցւոյ, յետմահու պիտի ճանչցուէին ատեանէն։
Սիրեցեալ եղբայրներ, ըսաւ Սրբազան Հայրը իր խորհրդածութիւնը եզրափակելով, Ժան տ'Արգ Յիսուսի սիրոյ մէջ գտաւ զօրութիւնն ու ոյժը՝ սիրելու Եկեղեցին մինչեւ վերջ։
Աղօթքս է որ ամէնքս կարենանք ճանչնալ ու բացագանչել Ժան տ'Արգի նման. ''Յիսուս Քրիստոս ու Եկեղեցին, մէկ է''։
Այս խորհրդածութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները, մատնանշելով՝ որ սրբուհի Ժան տ'Արգի լուսաւոր վկայութիւնը, երկրորդ պաշտպան սուրբը ֆրանսայի, Մանուկ Յիսուս սրբուհի Թերեզիային հետ, ըլլայ հրաւէր մը սիրելու՝ Քրիստոսը, ու յանձնառումով գործելու՝ եղբայրներու օգնութեան ի խնդիր։
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն յիշեցնելով թէ այսօր եկեղեցին կը յիշատակէ Պօղոսի աշակերտներէն՝ Տիմոթէոսի եւ Տիտոսի տօնը։ Կը հրաւիրեմ ձեզ , ըսաւ Սրբազան Հայրը, Աւետարանի այս հաւատարիմներու նման հաստատ մնաք Քրիստոսի հաւատքին մէջ, որպէսզի դառնաք ճշմարիտ վկաները Աւետարանին։








All the contents on this site are copyrighted ©.