2011-01-26 14:01:31

Ոչ Մէկը Կարող Է Արգիլել Սրբազան Քահանայապետը Խօսելու Իր Զաւակներուն Կրած Հալածանքին Մասին։


Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդի նախագահը մամուլին հետ ունեցած ելոյթով՝ յայտարարած է թէ ոչ մէկը կարող է արգիլել Սրբազան Քահանայապետը խօսելու իր զաւակներուն կրած հալածանքին մասին։

Կարտինալ Թուրքսոն նախագահը Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդին, Իտալական ԱՆՍԱ լրատու գործակալութեան հետ ունեցած ելոյթով ընդգծած է թէ ոչ մէկը կարող է արգիլել Սրբազան Քահանայապետը խօսելու իր զաւակներուն կրած հալածանքին ու պաշտպանութեան մասին։
Կարտինալը կ'անդրադառնայ Գահիրէի իսլամական Ալ Ազհար համալսարանի տնօրէնի կամքին որ է արկախել կապերը վատիկանի հետ։
Կարտինալը մասնակցած է կրօնական ազատութեան ուսումնաժողովին որուն ընթացքին հաստատած է թէ երկխօսութիւնը իսլամ աշխարհին հետ Եգիպտոսով սահմանափակուած չէ։







All the contents on this site are copyrighted ©.