2011-01-26 14:00:39

Մարաշի Աղէտի 91 Ամեակին Առիթով Հոգեհանգստեան Պաշտամունքի Արարողութիւններ։


Մարաշի աղէտի 91-րդ տարելիցին առիթով կիրակի, 23 յունուար 2011-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս եւ անմահ պատարագ, նաեւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ մարաշցի հին թէ նոր ննջեցեալներուն հոգիներուն համար։
Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ Նարեկացի երգչախումբը՝ քառաձայն Եկմալեան եղանակով, խմբավարութեամբ Երուանդ Քէշիշեանի։
Ս պատարագին հանդիսապետեց եւ քարոզեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք Խաչերեան։ Ան նկատել տուաւ, որ երբ հայրենակցական միութիւններու մասին կը խօսինք, պարզապէս զանոնք չէ որ կը յիշենք, այլ յիշելէ անդին զանոնք կ'ապրեցնենք մեր կեանքին մէջ։ Հայրենակցական միութիւնները մեր հայրենի գաւառներու իւրաքանչիւր շրջանին յատուկ եւ այդ շրջանին պատկանող մեր ժողովուրդին դիմագիծն ու ինքնութիւնն են, հաստատեց առաջնորդ սրբազանը՝ աւելցնելով, որ հայրենակցական միութիւններուն մէջ կը տեսնենք հայկական ինքնութիւնը, իւրաքանչիւրին յատկութիւնը, իր ունեցած հայկական արժանիքը։
Ան նաեւ ընդգծեց, որ եթէ պիտի յիշենք մարաշցի մեր նախնիները, ապա պէտք է յիշենք նաեւ անոնց կեանքը, ապրելակերպը, հաւատքը, սկզբունքները եւ այլն։ Անոնք անցեալ չեն, սակայն մենք զանոնք կրնանք անցեալ ընել, եթէ զիրենք անցեալին մէջ պահենք, շեշտեց Գեղամ արք Խաչերեան՝ աւելցնելով, որ անոնց կեանքը, ուղղութիւնը, օրինակը պէտք է ունենանք մեր կեանքին մէջ։
Սրբազանը նաեւ բացատրեց, որ հայրենակցական միութիւններու դերը մեզի յիշեցնելն է, թէ հայ տունը ինչպէ՛ս կ'ըլլայ։ Մեր ժողովուրդի հոգին կեանք կու տայ մեր ընտանիքին եւ ընտանիքը մեր կեանքն է, ուր մանուկը կը ծնի եւ կը մեծնայ, եզրափակեց առաջնորդ սրբազանը։
Մարաշի աղէտին 91-ամեակին առիթով հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւններ կատարուեցաւ եւ պաշտամունքներ մատուցուեցան նաեւ Նոր Մարաշի Հայ կաթողիկէ Ս Փրկիչ եկեղեցւոյ եւ Նոր Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ՝ նախաձեռնութեամբ Լիբանանի Մարաշի Հայրենակցական միութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.