2011-01-26 12:28:58

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ
Սիլվա Կապուտիկեան (1919-2006).


Յունուար 20ը ծննդեան տարեդարձն էր Սիլվա Կապուտիկեանի,արդարեւ ան ծնած էր 20 Յունուար 1919ին։ 2006-ին վախճանեցաւ Սիլվա Կապուտիկեան մեր սերունդներուն ժամանակակից մեծ բանաստեղծն ու ազգային գործիչը, եւ որքան ժամանակը կ՛անցնի, այնքան զգալի կը դառնայ անզուգական Սիլվայի ոգեղէն ներկայութիւնը, որ կը ջերմացնէ միտքն ու սիրտը հայ մարդուն։

Երկրորդ Աշխարհամարտի վերջերուն գրուած իր ՝՝Խօսք Իմ Որդուն ՝՝բանաստեղծութիւնը բաւարար եղաւ, որպէսզի քնարերգակ բանաստեղծուհին անմիջապէս գրաւէ հոգին մեր ժողովուրդին՝ աշխարհի չորս ծագերուն։ Պատգամ ունէր Ս. Կապուտիկեան եւ օժտուած էր իր պատգամը ամենայն քնարականութեամբ, պարզութեամբ ու խոհականութեամբ սերունդներուն կտակելու, Հայու Հոգին յաւերժ ջերմացնելու շնորհալի տաղանդով՝

Ու տե՛ս, որդիս, ո՛ւր էլ լինես,
Այս լուսնի տակ ո՛ւր էլ գնաս,
Թէ մօրդ անգամ մտքից հանես,
Քո մա՜յր լեզուն չմոռանա՛ս...


Ան ծնաւ 20 Յունուար 1919ին Երեւանի մէջ, դուստրը Բարունակ Կապուտիկեանի։ 1915ի Վանի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն մասնակած իր հօր ազգային գործիչի անձնուէր օրինակն ու գաղափարական աւանդը անջնջելի մնացին Սիլվայի յիշողութեան ու գիտակցութեան մէջ։ Առաջնորդեցին բանաստեղծին ամբողջ կեանքը, որ անցաւ Երեւանի մէջ եւ իր ուրոյն դրոշմը դրաւ Երեւանեան Կլիմային վրայ... Գիտական պատրաստութիւն ունէր Սիլվա, աւարտած էր Երեւանի Պետական համալսարանի լեզուագիտութեան բաժանմունքը, ինչպէս նաեւ Մոսկուայի Կորքիի անուան գրականութեան կաճառը։ 1941էն սկսեալ Հայաստանի գրողներու միութեան անդամ էր, իսկ 1945ին անդամագրուած էր Համայնավար կուսակցութեան։ Զոյգ հանգամանքներով՝ երկար տարիներ գտնուեցաւ պատասխանատու պաշտօններու վրայ,պարտաւորուեցաւ իր տուրքը վճարելու խորհրդային կարգերուն, բայց առիթները ստեղծեց, որպէսզի կարենայ իր խղճի պարտքը կատարել հանդէպ բազմաչարչար իր ժողովուրդին։


Սիլվա Կապուտիկեան նոր դարու եւ նոր ժամանակներու ոգիով հնչեցուց հայ կնոջ ու մօր քնարական ձայնը, նոյնքան արդիական եղաւ Հայ Մտքին առջեւ հորիզոն բանալու իր խոհականութեան մէջ, բայց ի՛նչ որ գրեց եւ հանրային պատասխանատուութեան ի՛նչ դիրք ալ գրաւեց՝ շարունակ հաւատարիմ մնաց վանեցի իր արմատներուն եւ, այդ ճամբով, միշտ ներշնչման աղբիւր ունեցաւ հայ ժողովուրդի արհաւիրքակեդրոն յուզաշխարհը...








All the contents on this site are copyrighted ©.