2011-01-26 13:51:21

Բաքիսթանի մէջ 30 Յունուարին Աղօթքի Օր Խաղաղութեան Համար։


Ի տես այն բեւեռացումին որ կը հարուածէ ընկերութիւնը,ի տես ընկերութեան մէջ յառաջացած բաժանումներուն որոնք տեղի կուտան բռնութեան արարքներու , ի տես կրօնքի գործիականացումին արմատական իսլամ շարժումներու կողմէ,Բաքիսթանի Կաթողիկէ Եկեղեցին կը կազմակերպէ խաղաղութեան համար Աղօթքի Օր մը երկրէն ներս։ Աղօթքի այս օրը տեղի պիտի ունենայ 30 Յունուարին ,կիրակի,եւ պիտի ունենայ համամիութենական ու միջ-կրօնական բնոյթ ։ Լահօրի Արքեպիսկոպոսը եւ Բաքիսթանի Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասի նախագահը Գերապայծառ Լավրանս Սալտէանա ըսած է որ ՝՝Աղօթքի Օրուան հրաւիրուած են Բաքիսթանի մէջ ներկայ այլ քրիստոնեայ բոլոր եկեղեցիները ,ինչպէս նաեւ այլ կրօններու անդամներ, մարդկային իրաւունքներու ի նպաստ յանձնառու գործիչներ եւ բարի կամքի տէր բոլոր մարդիկ որոնք կը հաւատան խաղաղութեան որպէս ՝՝ գերագոյ բարիքը՝ որ պէտք է պաշտպանել Բաքսիթանի համար՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.