2011-01-25 12:14:29

Վատիկանի Ռատիոկայանի Տնօրէն Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը։
Մարգարէական Նշան


Անցեալ 15 յունուարին Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցաւ քահանայական ձեռնադրութեան արարողութիւնը երեք նախկին անկլիքան Եպիսկոպոսներու որոնք անցեալ ամիսներու ընթացքին իրենց հրաժարականը ներկայացուցած էին Անկլիքան Եկեղեցւոյ պատկանէլիութենէն, Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ անդամակցելու նպատակով ։ Այսպէսով վճռական քայլը առնուեցաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետէն ստորագրուած <<Անկլիգորում չէթիպուս>> վաւերագիրին ստեղծելով անդրանիկ առաջնորդութիւնը յատկացուած անկլիքան հաւատացեալներուն եւ հովիւներուն որոնք կ՛ուզեն անդամակցիլ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ոչ իբրեւ անհատներ այլ իբրեւ հասարակական խումբեր։
Նորին Սրբութիւնը Անգլիա կատարած այցելութեան ընթացքին, հանդիպելով՝ Անգլիացի Եպիսկոպոսներուն խօսած էր << Մարգարէական նշանի մը մասին որ դրական կերպով պիտի սատարէր ամրապնդելու Անկլիքան եւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ միջեւ կապերը այն հեռանկարով հասնելու ոեւէ մէկ էգումենիք շարժումի կէտնպատակին այն է եկեղեցիներու միջեւ կատարեալ հաղորդութիւնը եւ միութիւնը>>։
Իր անուանումին առթիւ՝ Անգլիոյ Թեմի առաջին առաջնորդը, շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր, ապա խօսեցաւ իր կողակիցին եւ իր ընտանեկան պարագաներուն մօտիկութեան, ինչպէս նաեւ Անկլիգան Եկեղեցւոյ ու անոր պետին՝ Րովան Ուիլլիամ Արքեպիսկոպոսին համբերութեան եւ ցոյց բերած բարեացակամութեան մասին դժուար եւ երկար անցքի ճանապարհի ընթացքին դէպի Կաթողիկէ եկեղեցի։
Երկար հարցազրոյցի մը ընթացքին Առաջնորդը անկեղծօրէն կը յիշէ թէ ինչպէս միութեան իղձը միշտ առաջնորդած է իր քրիստոնէական կեանքը, կը խօսի եկեղեցւոյ տիեզերականութեան իր խոր փորձառութեան մասին, երբ Քահանայապետին ունկնդրութեան ընթացքին Սուրբ Պետրոսի Հրապարակը` կը պատմէ իր մեծ հայրիկի յուզմունքը երբ` իբր Կաթողիկէ նորօծ Քահանայ` մկրտութեան խորհուրդը մատակարարեց իր անդրանիկ թոռնիկին առաջին պատարագի ընթացքին։
Առ այդ բաժանումի նշան մը չէ այլ փոքր կամուրջ մը միութեան ուղիին վրայ։ Իրապէս նոր եւ գեղեցիկ իրողութիւն մըն է։ Յոյս կը յայտնենք որ այս նոր անգլիական առաջնորդութիւնը եւ բոլոր միւս առաջնորդութիւնները որոնք պիտի հաստատուին, կարենան ապրիլ այս նոյն մթնոլորտի մէջ։ Թող Երանելի Կարտինալ Նիւման՝ Առաջնորդութեան պաշտպանը առաջնորդէ եւ ներշնչէ մեզ բոլորս։








All the contents on this site are copyrighted ©.