2011-01-25 12:43:31

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Կը Վերակոչէ Համացանցի Օգուտները


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կը վերակոչէ Համացանցի Ընկերային Ցանցերու վտանգները եւ միաժամանակ կը խրախուսէ հաւատացեալները օգտուելու հաղորդակցութեան այս հզօր միջոցէն, ճանչցնելու Աւետարանի ճշմարտութիւնը, ընդգծելով թէ ճշմարտութեան արժէքը չի գար անոր ժողովրդականութենէն։ Սրբազան Հայրը այս յայտրարարութիւնը կատարեց ընկերային հաղորդակցութեանց միջազգային 45-րդ օրուան առթիւ։ Վատիկանի բանբերը մամուլին հարցումներուն պատասխանելով ըսաւ որ ՜՜թէեւ Սրբազան Քահանայապետը համացանց չի գործածեր սակայն անոր անմիջական գործակիցները յաճախ կը գործածեն՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.