2011-01-25 12:43:43

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Ընդունելով Վատիկանի Վերին Ատեանի Նախագահը 2011ի Դատական Տարւոյն Բացման Առթիւ Պահանջած Է Խիստ Պատրաստութիւն Կրօնական Ամուսնութեան Համար, Եւ Թէ Ամուսնութեան Անվաւերութեան Շնորհումը` Ոչ Մէկը Կրնայ Պահանջել։


Շաբաթ օրը` 22 յունուարին, Նորին Սրբութիւնը ընդունելով Վատիկանի Վերին Ատեանի պատասխանատու եպիսկոպոսներն ու պաշտօնեաները ճառ մը արտասանեց, որով դատապարտեց քրիստոնէական ամուսնութեան անվերապահ ընդունումը ինչպէս նաեւ ամուսնութեան անվաւերութեան դիւրաւ ճանաչումը։ Սրբազան Հայրը խնդրեց ամուսնութեան խորհուրդին համար հովուական աւելի լուրջ պատրաստութիւն մը նշանուածներու կողմէ։ Նորին Սրբութիւնը միաժամանակ Վերին Ատեանէն խնդրեց որ հաղորդեն իր այս պատգամը բոլոր թեմերուն, որպէսզի ամէնքը միաձայն խօսին այդ նիւթին մասին։
Սրբազան Քահանայապետը մատնանշեց թէ ամուսնութիւնը եւ ընտանիքը հաստատութիւններ են որ պէտք է պահպանել ու պաշտպանել։








All the contents on this site are copyrighted ©.