2011-01-25 12:51:33

Նիւ Եորքի Մէջ ԱՄՆի Արեւելեան Թեմի Թեմական Խորհուրդի Ժողով Նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։


Նիւ Եորքի մէջ 21 Յունուարին , Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախագահեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի թեմական խորհուրդի ժողովը, որուն ընթացքին Խաժակ Սրբազանը տեղեկացուց խորհուրդը, որ այս տարի պիտի նշուի Վեհափառին ծննդեան 60-րդ տարեդարձը, եւ այս առիթով Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը որոշած է հաստատել համաշխարհային հիմնադրամ մը, որը պիտի նպաստէ ապագայ եկեղեցականներու կրթութեան։
Հանդիպման Ամենայն Հայոց Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց Առաջնորդին եւ թեմական խորհուրդի անդամներուն, ապա քննարկեց ապագայի ծրագիրները որ կը միտին աւելի զօրեղ վարչական կառուցուածքով։ Այս առնչութեամբ Վեհափառը ըսաւ, որ Արեւելեան թեմի կանոնադրութիւնը օրինակելի է, եւ ընդգծեց անհրաժեշտութիւնը բոլոր թեմական կառոյցներու կողմէ իրենց կանոնադրական փաստաթուղթերու մէջ ընդգրկել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանիի ներքոյ պատրաստուած եւ 2009-ի աշնան Մայր Աթոռի մէջ գումարուած Թեմական ներկայացուցչական հաւաքին հաստատուած թեմական կանոնադրութեան ուղենիշը։
Գարեգին Բ. նաեւ պատասխանեց թեմական խորհուրդի անդամներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին եկեղեցական եւ հովուական խնդիրներուն։ Ժողովը փակուեցաւ Հայրապետի Պահպանիչ աղօթքով։
Ի Դէպ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կը վերադառնայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին յունուարի վերջերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.