2011-01-25 13:20:11

Իտալիա Զօրաշարժի մէջ ազատելու համար Ասիա Պիպիյի կեանքը,մահուան դատապարտուած պղծախօսութեան յանցանքով։


՝՝Ասիա Պիպի։ Ազատութիւն,Արդարութիւն,Մարդկային Իրաւունքներ՝՝ բնաբանով ,քրիստոնեայ տիկին Ասիա Պիպիյի կեանքը ազատելու համար Հռոմ կայանալիք ցոյցի նախորեակին, Բաքիսթանի Եպիսկոպոսաց Համահաւաք Դասի ՝՝Արդարութիւն Եւ Խաղաղութիւն՝՝ կոչուած Յանձնախումբի գործադիր քարտուղարը Բէթէր Եագոպ իր գոհունակութիւնը եւ երախտագիտութիւնը արտայայտած է ի տես Իտալիոյ ցոյց տուած յանձնառումին , ազատելու համար մահապատիժէ քրիստոնեայ Ասիա Պիպի-ն,միաժամանակ ջնջելու համար մահապատիժը՝որ նախատեսուած է պղծախօսութեան այսինքն՝՝կրօնքի դէմ հայհոյանքի՝՝ պարագային։ Իտալիոյ քաղաքացիական ընկերութիւնը (ըսած է՝ Բէթէր Եագոպ ֆԻՏԷՍ լրատու գործակալութեան) եզակի օրինակ մըն է Երկրի մը որ ցոյց կուտայ իր մօտութիւնը Բաքիսթանի ժողովուրդի հարցերուն։ Արդէն Պէնէտիկտոս ԺԶ.Սրբազան Քահանայապետի միջամտութիւնները եւ Իտալիոյ Արտաքին Գործոց նախարարի արտայայտութիւնները եւ Եւրոպական Խորհուրդի վերջերս որդեգրած որոշումը յատկապէս օգնեցին մագնիսականացնելու միջազգային ուշադրութիւնը՝ Ասիա Պիպիյի պարագայի վրայ։
Ասիա Պիպի մայր հինգ զաւակներու իր Իսլամ բարեկամուհիներուն հետ վիճաբանութեան մը ընթացքին (որոնք քրիստոնեայ կրօնքը ստորադաս կը նկատէին մահմէտականութեան) պաշտպանած է Յիսուսը ըսելով ՝՝ Ան իր կեանքը տուաւ մեզի համար,իսկ Մուհամմէտը ինչ ըրաւ՝՝ այս արտայայտութեան պատճառաւ է որ Ասիա Պիպի մահուան դատապարտուած է։







All the contents on this site are copyrighted ©.