2011-01-25 12:43:58

Թեհրանի Քաղաքապետին Այցելութիւնը Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարան


Թեհրանի քաղաքապետ Մոհամետ Պաղեր Ղալիպաֆ պատկան մարմիններու պատասխանատուներու, ինչպէս նաեւ իսլամական մշակոյթի եւ առաջնորդութեան նախարարութեան Կրօնական փոքրամասնութիւններու հիմնարկի տնօրէն Սայիտ Թաղաւիի ուղեկցութեամբ, Ամանորի եւ Ս Ծննդեան տօներուն առիթով այցելեց Թեհրանի հայոց Ազգային առաջնորդարան։
Այս այցելութեան հրաւիրուած էին Իրան-Իրաք պարտադրեալ պատերազմի տարիներուն հայ վիրաւորները եւ ազատորդիները։
Ազգային առաջնորդարանի բակին մէջ քաղաքապետը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը դիմաւորեցին՝ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք Սարգիսեան, Իսլամական խորհրդարանին մէջ իրանահայ երկու երեսփոխաններ՝ Գէորգ Վարդանեան եւ Ռոպերթ Պեքլարեան, Թեհրանի հայոց թեմի Պատգամաւորական ժողովի, Թեմական խորհուրդի եւ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչները։
Քաղաքապետ Ղալիպաֆ, իբրեւ յարգանք հայ բիւրաւոր նահատակներուն, ծաղկեպսակ տեղադրեց Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողին մօտ, ապա ներկաները այցելեցին Ս Սարգիս եկեղեցի, որմէ ետք ընդունելութեան մասնակցեցան առաջնորդարանի սրահին մէջ։
Սրբազան հայրը իր ողջոյնի խօսքին մէջ գոհունակութիւն յայտնեց իրանահայութեան նկատմամբ պետական անձնաւորութիւններուն ուշադրութեան համար՝ շեշտելով, որ այս մասին ոչ միայն իրենց ներկայութեամբ կարտայայտուի, այլեւ արտայայտուած է բոլոր միջազգային համագումարներու ընթացքին, որոնց մասնակցած է։ Ան նկատել տուաւ, որ վերջերս Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցած իսլամ-քրիստոնեայ մեծ համագումարի մը ընթացքին հաստատած է, որ Իրանը իսլամ-քրիստոնեայ գոյակցութեան օրինակելի երկիր է։








All the contents on this site are copyrighted ©.