2011-01-24 13:46:38

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը
Ունկնդրութիւն եւ հանդիպումներ


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը այս առաւօտ ժամը 11ին իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Կարտինալ Սթանիսլաւ Ռիգօ` Աշխարհականներու Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահը. ապա Կարտինալ Ժան Լուի Թոռան` Միջկրօնական երկխօսութեան Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահը։ Հուսկ ժամը 11.45ին Նորին Սրբութիւնը ունկնդրութիւն շնորհեց Գերմանացի Լուտերական Եկեղեցւոյ 20 հոգիէ կազմուած պատուիրակութեան։

Այսօր սկիզբ կ՛առնէ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Հին Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու միջեւ Աստուածաբանական երկխօսութեան յանձնախումբի ժողովր որ պիտի տեւէ մինչեւ 28 յունուար։ Հաւաքը տեղի կ՛ունենայ Վատիկանի Քրիստոնեաներու Միութեան Քհանայապետական խորհուրդի կեդրոնի մէջ։
Կիրակի օրը՝ 23 յունուարին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքին ընթացքին անդրադարձաւ այս ժողովին՝ Աստուածաբանական երկխօսութեան յանձնախումբի ժողովին, ու անոր կարեւորութեան ի նպաստ Եկեղեցւոյ միութեան։


Քահանայապետական անուանում
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Գերապայծառ Սանդոս Ապրիլ Ի Գասթելլո` Ռամատայի Արքեպիսկոպոս եւ Պապական Նուիրակ անուանեց. երեք տարուայ տեւողութեամբ, որպէս Հռոմէական Սուրբ եկեղեցւոյ Փոխ սենեկապետ։









All the contents on this site are copyrighted ©.