2011-01-24 13:27:48

Միխայիլ Սահակաշվիլիի Այցելութիւնը Հայաստան։


Աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան ժամանեց 22 Յունուարին Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի։Նախագահ Սահակաշվիլիին ուղեկցող պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Կրիկոլ Վաշածէ, ուժանիւթի նախարար Ալեքսանտր Խեթակուրի եւ պաշտօնատար այլ անձեր։ Հայ-վրացական բարեկամութիւնը մենք չենք սկսած եւ բնական է, որ անիկա մեզմով պիտի չաւարտի։ Բայց մեզմէ իւրաքանչիւրը պարտաւոր է նոր շունչ հաղորդել, իր մասնակցութիւնը բերել, որպէսզի կարենանք այդ թանկագին ժառանգութիւնը փոխանցել մեր զաւակներուն(յայտնեց նախագահ Սերժ Սարգսեան)։
Իսկ այսօր Հայ-վրացական առաջին աշակերտական առարկայական Ողիմպիականի մասնակիցներու պարգեւատրման արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի եւ Վրաստանի նախագահները: Ողիմպիականի կազմակերպման գաղափարը կը պատկանի Հայաստանի եւ Վրաստանի նախագահներուն, նպատակ ունենալով երկու պետութիւններու համագործակցութիւնը առաւել ամրապնդել եւ խորացնել ոչ միայն քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, այլ նաեւ կրթական ոլորտներու մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.