2011-01-24 10:11:33

Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը այցելեց Հ. Կ. Պատրիարքարան


Կիրակի, 23 յունուար 2011, Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօրավար Միշէլ Սլէյման այցելեց հայ կաթողիկէ Պատրիարքարան եւ իր ցաւակցութիւնները յայտնեց ամենապատիւ Հոգեւոր տիրոջ, լուսահոգի Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան վաստակաւոր կաթողիկոս-պատրիարքին վախճանումին առթիւ։

Ինչպէս նաեւ Լիբանանի մամլոյ նախարար Թարէք Մեթրի, յոյն ուղղափառ Իգնատիոս Դ. Հազիմ պատրիարքին ներկայացուցիչ՝ Պէյրութի թեմի առաջնորդ մեթրոպոլիթ Իլէաս Աուտի, նախկին փոխ-վարչապետ Իսամ Ապու Ճամրա եւ երեսփոխան Ժորժ Գասարճի այցելեցին հայ կաթողիկէ Պատրիարքարան եւ իրենց ցաւակցութիւնները յայտնեցին ամենապատիւ Հոգեւոր տիրոջ








All the contents on this site are copyrighted ©.